ԱՌՋԻՆԵԿ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒՆ

   «Սարսուռներ»ը վտիտ հատոր մըն էր։ Բանաստեղծը իր իսկական դիմագիծը տակաւին յայտնաբերած չէր այստեղ։ Իր ձայնը դեռ երկչոտ էր, հեւքը՝ դողդոջուն, քնարին լարերը դեռ տկար էին։ Զգալի էր սակայն, որ 21 տարեկան արուեստասէր այս տղուն կուրծքին տակ կը բաբախէր, կը սարսռար գութի, խիղճի, բարիի ու գեղեցիկի համար տրոփող յորդուն սիրտ մը։

   Հատորը կը բացուէր «Մուսային» խորագրեալ երկարաշունչ քերթուածով մը (տեսակ մը բանաստեղծական հաւատոյ հանգանակ), ուր երիտասարդ բրգնիկցին կը յայտարարէր իր կոչումը՝ նուիրուելու քերթողական արուեստին։ Խօսքն ուղղելով մուսային՝ Վարուժան ի միջի այլոց կ’աղերսէր.

Թեւերս, ուղիղ դէպի բարձունքդ վսեմ՝

Քնարդ կ’ուզեն, կ’ուզեն քնարդ. երկնցո՛ւր.

Կը տրոփէ մէջս երգերու սաղմն. կը սպասեմ.

Ե՞րբ պիտ’տրուի անոր ծնուցիչ քու համբոյր։

 

Տո՛ւր, ով Մուսայ, տո՛ւր այդ քնարդ բռնած.

Պիտ՝ իմին սիրտս, իմին աշխարհս ըլլայ ան՝

Ուր գաղափարն՝պիտի բնակի զերդ Աստուած,

Վեհ գաղափարն աչքերով բո՜ց, թռիչքով լա՜յն։

 

         

   Ու տեսէ՛ք, թէ Մուսան ինչպէս կը պատասխանէ բանաստեղծին թախանձանքին.

«Ի՜նչայս քնա՞րը կ’ուզեսքնար սեւ փայտէ՜.–

Այս՝ վէրքերու գործի մըն է, այս է հուր.

Ապագադ է, այս՝ դագաղդ է, անո՜ւնդ է»։

Ես անյողդողդ՝ ըսի անոր.

-Ըլլա՛յ, տո՛ւր։

   Մուշեղ Իշխան, իր «Արդի Հայ Գրականութիւն» դասագրքին Գ. հատորին մէջ (1975, Պէյրութ) հետեւեալ տողերով կ’ամփոփէ «Սարսուռներ»ու բովանդակութիւնը.

   -Հոն տեղ գտած քերթուածները մտքի եւ հոգիի առաջին սարսուռներն են, որոնց կը պակսի տակաւին պէտք եղած ջերմութիւնը։ Կ’երգէ քիչ մը ամէն բան – մարդկային թշուառութիւններ, ունայնութեան եւ յաւիտենականութեան խորհուրդը եւ այլն։ «Սարսուռներ»ը շնորհալի բանաստեղծի մը երեւումը ծանուցանող գեղեցիկ խոստում մըն է լոկ։

   Այս առջինեկ հատորիկը, սակայն, բնաւ գոհ չթողուց բանաստեղծը։ Ս. Ղազարու տպարանին այս արտադրութիւնը կատարուած էր հեղինակին պատկերացումներուն եւ ակնկալիքներուն հակոտնեայ ուղղութեամբ։ Վարուժան դժգոհ էր արդիւնքէն, նոյնիսկ չափազանց զայրացած էր։

   Ի՞նչ պատահեր էր։

   Վարուժանի երեւանեան նամականիին մէջ առատ նիւթ կրնանք գտնել «Սարսուռներ»ու հրատարակութեան առթած դժգոհանքին դրդապատճառներուն մասին։

   Յայտնի կը դառնայ, որ Ս. Ղազարու տպարանին վարիչ վարդապետները (տպարանի տեսուչը Հ. Սուքիաս Էփրիկեանն էր) բանաստեղծին այս առջինեկ քերթողագիրքը կրճատեր էին լայն չափով ու անտեղի նկատումներով, առանց հեղինակին կարծիքն ու արտօնութիւնը առնելու։ Վարուժանի կողմէ ներկայացուած ձեռագիր տետրին երկու երրորդը զեղչուած էր…։ Հրատարակելի 55 քերթուածներէն տպուած էին լոկ 18-ն։ Հրատարակիչ կողմը շատ մը բանաստեղծութիւններ դուրս թողած էր հատորէն, անոնց նիւթերը անպատշաճ նկատելով…։ Փաստօրէն, նախորդ տարի «Գեղունի»ի մէջ լոյս ընծայուածներն էին լոկ՝ որ մեկտեղուեր էին կողքի մը տակ։ Ուստի, հրատարակուածը նկուն պրակ մըն էր պարզապէս, տպուած՝ 500 օրինակով։

   Զանազաններու գրած իր նամակներուն մէջ՝ Վարուժան կը գանգատէր այս քմահաճ վարմունքէն ու կ’ըսէր որ իր ձեռագրերուն լաւագոյն բաժինները անարդարօրէն դուրս մնացեր էին նորատիպ հատորէն։ Յետոյ, շատ վրդոված էր, որ Հ. Էփրիկեան այս պրակին տպագրութիւնը «շնորհ» մը սեպած էր՝ միաբանութեան կողմէ առ երիտասարդ բանաստեղծը…։

   Շնո՞րհ։ Ի՞նչ շնորհ։

   Ան սակայն անհամբեր կը սպասէր, թէ ի՞նչ պիտի գրէին իր այս գրքոյկին մասին հայ մամուլին մէջ. մեր երեւելի քննադատները ի՞նչ խօսք պիտի արտասանէին։

   Եւ իսկապէս, երկու կարեւոր գրախօսականներ երեւցան այս մասին, մին՝ «Բազմավէպ»ի մէջ, միւսը՝ Փարիզի «Անահիտ»ին։

   «Բազմավէպ»ի գրախօսականը ստորագրուած էր Հ. Ներսեհ Անդրիկեանի կողմէ։ Բնիկ մշեցի երիտասարդ վարդապետ մըն էր այս, Վարուժանէն քանի մը տարի մեծ, այդ շրջանի փայլուն մտաւորականներէն մին, որուն անունը յաճախ կ’երեւէր Ս. Ղազարու պաշտօնաթերթին մէջ՝ գրական ու բանասիրական ուսումնասիրութեանց ներքեւ։

   «Բազմավէպ»ի 1906-ի թիւ 5-ին մէջ, «Դանիէլ Վարուժանի Բանաստեղծութիւնը» խորագրեալ իր ակնարկով, այս վարդապետը նախ կը գնահատէր բանաստեղծին զուտ աշխարհաբար գրելու սկզբունքը, ապա կը թելադրէր որ ան միանգամընդմիշտ հեռանայ կաշկանդիչ յանգերու գերին դառնալէ։ Կը հաստատէր միաժամանակ, որ բանաստեղծին էջերը թարմ են, ջղուտ եւ զօրաւոր զգացումներով լի։ Կը շեշտէր, որ ցաւատանջ զգայնութիւնը տիրապետող է անոր մօտ։ «Առտնին սուգէն՝ ազգային տագնապին անցեր է, անկից՝ մարդկութեան մեծ վշտին»։ Ու եզրափակելով իր խօսքը, կը պատմէր մանրավէպ մը.– Մոլիէր Փարիզի մէջ կը ներկայացնէ իր առաջին կատակերգութիւնը։ Աւարտին, երբ անհամբեր կը սպասէր հանդիսատեսներէն գալիք արձագանգներուն, սրահէն մէկը բարձրաձայն կ’աղաղակէ.«Սի՛րտ առ, Մոլիէր, ա՛յս է ճշմարիտ կատակերգութիւնը»։

   Ու հիմա Անդրիկեան վրդ. կ’աւելցնէր.«Հա՞րկ է արդեօք հոս ալ կրկնել այս խօսքը՝ որպէսզի Դանիէլ Վարուժան քաջալերուած՝ շարունակէ տալ մեզի աւելի մեծ ստեղծագործութիւններ»։

   Իսկ «Անահիտ»ի գրախօսականը, տպուած՝ հանդէսին Յունիս-Յուլիս 1906-ի թիւին մէջ, ստորագրուած էր խմբագրին՝ Արշակ Չօպանեանի կողմէ։

   Չօպանեան ի սկզբանէ նկատել կու տար, թէ «Դանիէլ Վարուժան մին է այն անձնաւորութիւններէն, զորս Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը կրնայ հպարտանալ արտադրած ըլլալուն»։ Հանգիտութիւններ կը նշմարէր անոր ու Դուրեանի միջեւ։ Համոզում կը յայտնէր տակաւին, որ «եւրոպացիներէն՝ Հիւկօն, ամէնէն աւելի իր հոգիին խօսած է եւ հոն իր մեծ արեւէն քանի մը ճառագայթ ձգած»։

   Չօպանեան հիացական ակնարկներով կը թուէր նորատիպ հատորիկէն 7-8 քերթուած ու կը հաւաստիացնէր, թէ անոնք ուժեղ կտորներ են ու կը պարզեն բանաստեղծական շքեղ թռիչք մը։ Մատնանշումներ կ’ընէր բանաստեղծին կարգ մը  թերութիւններուն մասին, կ’ուղղէր խորթութիւններ ու վերջաւորութեան՝ կ’ըսէր որ «իրմէ՝ մեծ բաներ ու կատարեալ բաներ կը յուսանք։ Իր սկզբնաւորութիւնը մին է ամէնէն շքեղներէն, որ հայոց մէջ յայտնուած ըլլայ»։

   ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԿԱՅԱԿԱՆԻ ՄԸ Ի ԽՆԴԻՐ

   Մուրատ-Ռափայէլեանէն ետք՝ Դանիէլ Վարուժան համալսարանական ուսումնառութեան համար մեկնեցաւ Պելճիքա, Կանտ քաղաքը։

   Պատահաբար ու անսպասելիօրէն է որ Վարուժան ինքզինք գտաւ Կանտի մէջ։

   Ի սկզբանէ, բարձրագոյն ուսման համար իր նախընտրութիւնը կ’երթար Լոզանին (Զուիցերիա)։ Բայց Մխիթարեանները, որոնք յանձնառու եղած էին ապահովել ու հոգալ իր համալսարանական թոշակը եւս, յարմար դատեցին Կանտը ու զինք հոն ղրկեցին։ Թոշակը պիտի տրամադրուէր Մուրատ-Ռափայէլեան հիմնադրամէն։

   Վարուժան Կանտի մէջ մնաց 4 տարի (1905–1909), հետեւելով քաղաքական-ընկերային գիտութիւններու, նաեւ՝ գրական մասնակի դասընթացքներու։

   Կանտի այս չորս տարիները սակայն նիւթական նեղութեանց, հնհնուքներու եւ անձկութեան շրջան մը եղան իրեն համար, որովհետեւ միշտ ու միշտ յապաղեցան Վենետիկէն ուղարկելի դրամական այն անհրաժեշտ յատկացումները, որոնցմով Վարուժան պիտի կարենար մէկ կողմէ իր համեստ ապրուստը հոգալ, մէկ կողմէ ալ՝ վճարել համալսարանին թոշակները…։ Վարուժան կը ստիպուէր անդադար նամակներ յղել Մուրատ-Ռափայէլեանի տեսչութեան ու իրեն մտերիմ վարդապետներու՝ յիշեցնելով իր նիւթական արգահատելի պայմանները եւ դրամական յատկացումներու շուտափոյթ առաքման անհրաժեշտութիւնը…։ Երեւան տպուած իր «Նամականի»ն լեցուն է այսօրինակ աղերսանքներով, նաեւ՝ կծու ակնարկութիւններով կամ կշտամբանքներով, որոնք թիրախ ունին առաւելաբար Մուրատ-Ռափայէլեանի այդ օրերու տեսուչ Հ. Ստեփան Սարեանը։

    Ըստ նախապէս գոյացած համաձայնութեան մը՝ Մուրատ-Ռափայէլեանի տեսչութիւնը ամէն ամիս 100 Ֆրանք պիտի ուղարկէր Վարուժանին։ Այս յատկացումը փոքր գումար մըն էր, որ համալսարանական ուսանողի մը տարրական պէտքերն ու սնունդը հոգալու հազիւ կը բաւէր։ Եւ ատիկա՝ մի՛շտ կ’ուշանար, կը յապաղէր։ Վարուժան երբեմն կը ստիպուէր պարտքի դրամ առնել իր դասընկերներէն, ամսուան երեսուն օրերը կ’անցընէր աներեւակայելի խնայողութիւններով։ Անգամ մը, իր երբեմնի ուսուցիչներէն Հ. Յովհաննէս Թորոսեանին ուղղեալ նամակի մը մէջ պոռթկացեր էր իր ամբողջ զայրոյթը.«Ահա ձմեռ եկաւ եւ ես ամառնային զգեստով եմ, եւ այնպիսի վերարկուով մը, որով աղքատ գործաւորի մը ողորմութիւն միայն կը տրուի» (Նոյեմբեր,1908)։ Այլ նամակի մը մէջ ալ, ուղղեալ՝ Վարդգէս Ահարոնեանին, կը հաստատէր.«Կրնամ ըսել, թէ ամէնէն խոր անձնական տառապանքները ես կրեցի Կանտի մէջ» (Մարտ, 1914)։

   Այս աննպաստ պայմաններուն մէջ է ահա, որ ան նստաւ ու գրեց «Ջարդը» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը, զոր Արշակ Չօպանեան նախ լոյս ընծայեց «Անահիտ»ի մէջ (1907), յետոյ ալ տպեց առանձին պրակով (16 էջ, 1908, Փարիզ)։

   Կանտը, այնուամենայնիւ, խորացուց իր հոգին, քանի մը նոր լարեր աւելցուց իր քնարին վրայ, կատարելագործե՛ց ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ իր մէջ։ Կրնանք անվարան հաստատել, որ իր յաջորդ երկու քերթողագիրքերուն («Ցեղին Սիրտը» եւ «Հեթանոս Երգեր») հիւթը հո՛ս պատրաստուեցաւ։

   Կանտը ճարտարարուեստի քաղաք մըն էր։ Այստեղ, Վարուժան թէ՛ ժամանակակից Եւրոպայի կեանքը ճանչցաւ իր սեւով ու սպիտակով, թէ ալ տիեզերքի հնագոյն պատմութիւնները ուսումնասիրեց խորապէս։ Անյագօրէն կը կարդար հնդիկ գրականութենէն մինչեւ Հոմերոս, Շէյքսպիր, Միլտոն, Հիւկօ, Կէօթէ, Պայրըն, Մէթէրլինկ, Վերհառն, Ճիագոմօ Լէօբարտի, Փեթրարքա…։ Ընթերցումները, բնականաբար, կ’ընդլայնէին իր մտքի հորիզոնը, լեզուագէտ կը դարձնէին զինք։ Այս մասին ունինք վկայութիւնը փրոՖ. Փիէռ Մայէսի, որ իր դասընկերն եղած էր Կանտի մէջ։

   Արդարեւ, 1958-ին, երբ Կանտի համալսարանի գրադարանի մուտքին բացումը կը կատարուէր Վարուժանի յիշատակին ձօնուած դիմաքանդակին, ելոյթ ունեցողներէն մէկն ալ փրոՖ. Մայէսն էր, որ կ’արտայայտուէր սապէս.

   – Երբ Վարուժան համալսարան մտաւ՝ շատ աղքատիկ Ֆրանսերէն մը ունէր։ Բայց ամիսներու երկայնքին այնքան արագօրէն տիրապետեց այդ լեզուին, որ համարձակութիւնը ունեցաւ դասախօսութիւն մը կարդալու պատմութեան ամպիոնի ուսանողներուն՝ Հայաստանի անցեալին մասին։

   Երբեմն ինծի կը կարդար իր գրած բանաստեղծութիւնները՝ հայերէն լեզուով։ Բան չէի հասկնար ատոնցմէ։ Սակայն, ինք զանոնք կ’ընթերցէր այնպիսի վերացումով մը, որ զգացնել կու տար ինծի՝ թէ գրուած էին հզօր ու գեղեցիկ շունչով։

   Կանտէն յղուած նամակի մը մէջ, առիթով մը, Վարուժան կը գրէր.«Ամբողջ ձմեռը Պայրըն, Պոտլէր, Էրազմ, Որատիոս եւ իմ սրտակից Ժ.Ժ. Ռուսօն կարդալէ վերջ, ահա կը պատրաստուիմ քննութեանց, մինչդեռ գրասեղանիս վրայ անգամ մը եւս Վերթէրը զիս կը փորձէ։ Ես Ռուսօն շատոնց է կը կարդամբայց այսօ՛ր միայն ըսածները կեանքիս եւ զգացումներուս խաւերուն մէջ կը փնտռեմ եւ իմ հոգիիս փորձովը զինքը կը վաւերացնեմ»։

   Սխալ պիտի չըլլայ պնդել, ուրեմն, թէ Կանտի շնորհիւ ընդհանուր զարգացման տէր մտաւորական մը մուտք գործեց հայ գրականութեան դարպասէն ներս։

   Հետեւաբար, երբ Օսմանեան Սահմանադրութեան վաղորդայնին, 1909-ին, Վարուժան Պոլիս վերադարձաւ, շուտով դարձաւ մէկը այն երկու անուններէն՝ որոնք շա՛տ սիրուեցան հանրութենէն ու գուրգուրանքով շրջապատուեցան,– ՍԻԱՄԱՆԹՕՆ ու ԻՆՔ։

   Եւ կարծէք արեան եղբայրութիւն մը կը գոյանար այս զոյգին միջեւ։

(Շարունակելի – 3)
Լեւոն Շառոյեան