Մեծ հայրս, մօրս հայրը, ութսունութ տարեկան է:
Ան իր կեանքին ընթացքին շատ դժուարութիւններ տեսած է, շատ աշխատած է, մինչեւ որ տեղ հասած է: Երբ տասներեք տարեկան էր, հայրը կը մահանայ եւ ընտանիքին ապրուստի հոգը իր ուսերուն կը մնայ: Կը ստիպուի դպրոցը ձգել: Քանի մը այծ կը գնէ եւ կը բարձրանայ լեռ: Զինք շատ կը նեղեն ոստիկանները, որովհետեւ արգիլուած էր այծ պահելը: Միշտ լեռներու վրայ՝ մեծ հայրս ձեռք կը բերէ փորձառութիւն եւ քաջութիւն: Ո՛չ մէկ դժուարութեան առջեւ տեղի կու տայ: Դպրոցին պակասը կը լրացնէ շատ գիրք կարդալով, կ’ամբարէ գիտելիքներ եւ իմաստութիւն:
Մեծ հա՛յրս՝ շատ բարեսիրտ ու շատ զարգացած: Թէեւ տարիքոտ, բայց միշտ աշխուժ է: Ան ամէն Աստուծոյ տուած օր, առաւօտեան ժամը 4:30-ին կ’արթննայ, պարտէզին կից տան պատշգամին լեղի սուրճը կը խմէ եւ քալելով կ’երթայ պարտէզ, որ տունէն բաւական հեռու կը գտնուի: Երբ պարտէզի գործ չ’ունենար, ինզինք կը զբաղեցնէ աւելի թեթեւ աշխատանքով:
Ձիրքերով լեցուն մեծ հօրս հետ ժամանակ անցընելը շատ հաճելի է: Ան լաւ պատմող է: Մեծ հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընեմ անոր պատմածները:
Հրակ Լնդեան
ԺԱ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան