«Երկիր».-Ուքրանիոյ հայերը  երկրորդ խաչքարը կը  տեղադրեն պատմական հայրենիքին մէջ:

Զապորժիէի մարզի Հայերու Միութեան եւ անոր ղեկավար Արտաշէս Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ Հայաստանին` Արթիկի շրջանի Մեծ Մանթաշ գիւղին մէջ տեղի  ունեցած է խաչքարի բացում: Կազմակերպիչներուն խօսքով` եկեղեցւոյ տարածքին յուշահամալիրը նուիրուած է 2016 թուականի Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին հերոսաբար զոհուած զինուորներուն:

Նախաձեռնութեան մասնակցած են տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Սոֆիա Յովսէփեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ Թեմի Առաջնորդ Մարկոս Եպիսկոպոս Յուհաննիսեան, Ուքրանիոյ հայ համայնքի ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ եւ այլ պատուաւոր հիւրեր:

Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան ղեկավար Վիլեն Շատուորեանի նախաձեռնութեամբ 2015 թուականէն  սկսեալ երկրի տարբեր մարզերուն մէջ տեղադրուած է աւելի քան 20 խաչքար: Ուքրանիոյ Քիեւեան Սոֆիայի հնագոյն տաճարին մէջ թանգարանի ցուցադրութիւնը եւս համալրուած է հայկական խաչքարով, որ նուիրուած է Ռուսիոյ Մկրտիչ Իշխան Սուրբ Վլատիմիրին եւ Աննա Բիւզանդացիին` որպէս հայ եւ ուքրանացի ժողովուրդներու բազմադարեայ բարեկամութեան խորհրդանիշ: