«Արմէնփրէս».- «Մանկական Եւրոտեսիլ 2019» երգի հեղինակաւոր միջազգային մրցոյթին, որ տեղի ունեցաւ 24 Նոյեմբերին, Լեհաստանի Գլիւիցէ քաղաքին մէջ, յաղթեց Լեհաստանը ներկայացնող երգչուհի Վիքի Գափոր «Superhero» երգով:

Հայաստանի պատուիրակ 13-ամեայ Քարինա Իգնատեան, որ կատարեց  «Colours Of Your Dream» երգը, դատական կազմի եւ առցանց քուէարկութեան արդիւնքով  իններորդ դիրքը գրաւեց:

Ժիւրիի քուէարկութեան համաձայն Հայաստանը 8 միաւոր ստացաւ Աւստրիալիայէն, 5-ական միաւոր` Ֆրանսայէն եւ Ղազախիստանէն, 10-ը Ռուսիայէն, 6-ական միաւոր` Հիւսիսային Մաքեդոնիայէն եւ Ալպանիայէն,  7-ական միաւոր` Սպանիայէն եւ Վրաստանէն, 3-ական միաւոր Պելառուսէն եւ Լեհաստանէն, 2 ձայն` Մալթայէն, 4-ական միաւոր` Ուքրանիայէն ու Փորթուկալէն:

Մեր երկիրը իր 12 միաւորը տուաւ Հոլանտային:

Պատկերասփիւռ դիտողներուն քուէարկութեամբ Քարինա Իգնատեան 115 միաւոր վաստակեց:

Քարինան «Մանկական Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթին Հայաստանը ներկայացնող  14-րդ մասնակիցն էր:

Մրցոյթը ընթացաւ «Բաժնեկցինք ուրախութիւնը» (Share the Joy) նշանաբանի ներքեւ: Մասնակցեցան Հայաստանը, Ալպանիան, Աւստրալիան, Պելառուսը, Ֆրանսան, Վրաստանը, Իրլանտան, Իտալիան, Ղազախիստանը, Մալթան, Հիւսիսային Մաքեդոնիան, Լեհաստանը, Փորթուկալը, Ռուսիան, Սերպիան, Իսպանիան, Հոլլանտան, Ուքրանիան եւ Ուելսը: