Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութենէն, Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն լրագրողներուն փոխայցելութիւններուն մասին տեղեկութիւններ: Ստորեւ կը  ներկայացնենք Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը.

«17-21 Նոյեմբերին ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին միջնորդութեամբ տեղի ունեցած են Արցախի Հանրապետութենէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Ատրպէյճանէն լրագրողներու փոխայցելութիւններ:

20-21-ը Նոյեմբերին Արցախ այցելութեան ընթացքին ատրպէյճանցի լրագրողները այցելած են Գանձասարի վանական համալիր, շրջագայած են Շուշիի մէջ, այցելած են «Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարան», երկրաբանութեան եւ կերպարուեստի պետական թանգարաններ, ծանօթացած են քաղաքի տեսարժան վայրերուն: Մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ լրագրողները այցելած են «Ղարաբաղ կարպետ» գորգագործութեան ընկերութիւն, Արցախի տեղեկատուական  ճարտարագիտութեան կեդրոն, «Արցախփիօ» պահածոներ արտադրող ընկերութիւն, անոնք հանդիպումներ ունեցած են նաեւ Արցախի քաղաքացիական հասարակութեան եւ ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներու հետ:

Այս նախաձեռնութիւնը, որ կողմերու հետ համաձայնաբար եղած է, անհրաժեշտ է դիտարկել որպէս գործնական քայլ` վստահութեան ամրապնդման եւ արցախեան հարցի խաղաղ լուծման գործընթացի յառաջմղման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու նպատակով: Արցախեան կողմը վերջին 20 տարիներու ընթացքին բազմիցս հանդէս եկած է վստահութեան ամրապնդման ծառայող ձեռնարկներու առաջարկներով: