Հայաստան մտահոգուած է Սուրիոյ տարածքին թրքական ներխուժմամբ:  ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Corriere della Sera» թերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստան դատապարտած է ներխուժումը եւ կը գտնէ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է քայլեր ձեռնարկէ, որպէսզի այսօր Սուրիոյ մէջ գտնուող թրքական ուժերը դուրս գան Սուրիայէն եւ ուղղուին թրքական տարածք:

Խօսելով Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով ի յայտ եկած փախստականներու հարցին` Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուած է, որ Հայաստան այս ընթացքին 20 հազար սուրիացի փախստական  ընդունած է:

«Բնակչութեան թուաքանակին հետ յարաբերակցութիւնը նկատի առնելով` ընդունած փախստականներու թիւով մենք 3-րդ տեղն ենք: Մենք երեք միլիոն բնակիչ ունինք: Սուրիացի փախստականներուն օգնութեան ձեռք մեկնելը մեզի համար բարոյական պարտք է: Սուրիան երկիր մըն է, որուն պէտք է օգնել: Մեզի համար սա նախ եւ առաջ մարդասիրական օգնութեան հարց է: Տարուան սկիզբը մեր երկիրը յատուկ առաքելութիւն ուղարկեց հոն` բժշկական անձնակազմ եւ քաղաքացիական ականազերծողներ», ըսած  է Նիկոլ Փաշինեան:

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ինչո՛ւ  սուրիացիներուն օգնելը հայերուն համար բարոյական պարտք կը համարուի, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակաշրջանին սուրիացի ժողովուրդը բազմաթիւ հայեր փրկած է Հայոց Ցեղասպանութենէն:

«Այդ պատճառով այժմ, երբ սուրիացիները կը տառապին, մենք չենք կրնար մէկ կողմ քաշուիլ: Ուրախ եմ, որ կը կարենանք մեր բարոյական պարտքը հատուցել: Մեր բժշկական անձնակազմը բազմաթիւ վիրաբուժական միջամտութիւններ  կատարած է: Սուրիացի մեծաթիւ  կանայք եւ երեխաներ  բուժուած են հայ բժիշկներու կողմէ: Ականազերծողները սուրիացի երեխաներուն համար տարածքներ մաքրած են եւ փոքրիկները այնտեղ կրնան ապահով կերպով  խաղալ», աւելցուցած է ՀՀ վարչապետը: