«Արմէնփրէս».- ՀՀ Արտաքին Գործոց  նախարար Զոհրապ Մնացականեան 25 Նոյեմբերին հանդիպած է ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի նախագահ Գէորգի Ծերեթելիի հետ:

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն հաղորդեցին,  որ ողջունելով ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահը` ԱԳ նախարար Մնացականեան ընդգծած է կառոյցի շրջանակներուն հետ բազմակողմանի գործակցութեան  Հայաստանի յանձնառութիւնը` յայտնելով, որ այս այցելութիւնը լաւ առիթ է` ճշդելու հետագայ ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու շրջանակները:

Զրուցակիցները անդրադարձած են ՀՀ-ի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու օրակարգին եւ ԵԱՀԿ ԽՎ-ի հետ գործակցութեան  կարելիութիւններուն: