19 Նոյեմբերի նիստին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը անդրադարձ կատարեց Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումներուն ու անոնց հետեւանքներուն` տեղուոյն հայ համայնքին վրայ: Ընդգծելով համոզումը, որ տեղական մեր համայնքները հաւատարիմ են իրենց երկրորդ հայրենիքը նկատուող երկիրներուն` գրասենեակը արձանագրեց, որ կարելի չէ նաեւ անտեսել հաւանականութիւնը, որ որոշ թիւով հայրենակիցներ փափաք յայտնեն տեղափոխուելու Հայաստան:
Նշուած է, որ գրասենեակը բաւական մեծ թիւով հեռաձայններ կը ստանայ Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներուն մէջ ապրող հայրենակիցներէն, որոնց` Հայաստան տեղափոխուելու առնչուած հիմնական մտահոգութիւնները հետեւեալներն են.

Ա. Երեխաներու կրթութեան հարց.- Ինչպէ՞ս իրենց երեխաները դպրոց պիտի յաճախեն, երբ դպրոցական տարեշրջանը արդէն ընթացքի մէջ է, ի՞նչ կարելիութիւններ կան ֆրանսերէն կամ անգլերէն թեքումով դպրոցներու մէջ տեղաւորելու իրենց երեխաները` նկատի ունենալով, որ տուեալ պետութեան դպրոցներուն մէջ կրթութեան հիմնական նիւթերը կը դասաւանդուին ֆրանսերէնով կամ անգլերէնով: Բնականաբար, հոս կը ծագի ոչ-պետական դպրոցներու վճարումներու հարցը` նկատի ունենալով, որ անոնք չափազանց բարձր են:

Բ. Բնակութեան հարց.- Ընտանիքներուն համար մատչելի վարձքով եւ ընդունելի պայմաններով բնակարան ապահովելու հարցը այնպիսի տարածքներու մէջ, ուր երեխաներուն դէպի դպրոց երթեւեկը ըլլայ մատչելի, իսկ առօրեայ կենցաղային հարցերու լուծումը` հասանելի:
Գ. Աշխատանքի հարց.- Հասկնալով հանդերձ, որ Հայաստանի մէջ աշխատատեղերու խնդիրը լուրջ է, սակայն, յատկապէս ներկայ պայմաններուն մէջ, մեր հայրենակիցները իրենց առօրեան հոգալու խնդիր պիտի ունենան: Աշխատանք գտնելու կամ սեփական գործի սկսելու առնչուած ընթացակարգերը պարզացնելու եւ ձեւական ու անտեղի քաշքշուքներու մտահոգութիւնը առկայ է բոլորին մօտ:

Դ. Յստակ ընթացակարգերու բացակայութեան պատճառով մեր հայրենակիցները կը դիմագրաւեն սեփական իրերու կամ թանկարժէք ունեցուածքի փոխադրութեան հարց:
Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ կը փորձէ օժանդակել իրեն դիմողներուն, սակայն ներկայացուած հարցերուն կանոնակարգուած լուծում տալը կարիք ունի պետական միջամտութեան` կանխելու համար այն վիճակները, որոնց բախեցանք Իրաքէն եւ Սուրիայէն պատկառելի թիւով Հայաստան տեղափոխուած մեր հայրենակիցներու պարագային:

Մեկնելով վերոյիշեալէն` պատկան մարմիններու ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք նշեալ հարցերուն վրայ եւ կոչ կ՛ուղղենք` հաւանական հարցերուն լուծումներ տալու համար ձեռնարկելու համապատասխան քայլերու: