«Հորիզոն»– 27 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի երկարամեայ նախագահ Յակոբ Տէր խաչատուրեան Քեպէքի Ազգային Ժողովի նիստին պարգեւատրուեցաւ Քեպէքի Ազգային Ժողովի մետալով:
Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Քեպէքի Ազգային Ժողովի անդամ Կի Ուելէթ եւ յայտարարեց, որ Մետալը կը փոխանցուի Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, Քեպէք նահանգին մէջ իր երկարամեայ միջհամայնքային գործունէութեան, Քեպէքի երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութիւններու շրջագիծէն ներս իր տարած աշխատանքին եւ Հայ Դատի Յանձախումբի եւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հետ միատեղ կազմակերպուած գործակցութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ֆորումին յաջողութեան մէջ իր ներդրումին համար։
Յակոբ Տէր խաչատուրեան 1970-ականներուն եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան հիմնադիրներէն եւ ԼԵՄ-ի Անթիլիասի «Հայաստան» Մասնաճիւղի ատենապետ։ Քանատա հաստատուելէն ետք եղած է Մոնթրէալի ՀԵԴ «Լեւոն Շանթ» Մասնաճիւղի վարչական եւ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ։ Հայ ուսանողական ու կրթական կեանքէն ներս ան եղած Մոնթրէալի Հայ Ուսանողներու, ինչպէս նաեւ՝ Մոնթրէալի համալսարանական Էթնո-մշակութային Ընդհանուր Միութեան (Federation of Ethnocultural Associations) ատենապետ։ Ընտրուած է նախագահ Քորքորտիա Համալսարանի Ընդհանուր Ուսանողական Միութեան (Concordia University Students’ Association president) եւ անդամ՝ Քոնքորտիա Համալսարանի Հոգաբարձական Խորհուրդին (Member of the Board of Governors). 1980-ականներուն ընտրուած է Նիւ Եորքի համալսարանականներու միութեան նախագահ (Graduate Society president):
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան պարգեւատրուած է Մխիթար Գոշ մետալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ եւ Կիլիկեան Իշխանի շքանշանով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ:
Եղած է Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ։ Նշենք, որ աւելի քան 35 երկիրներու մէջ կը գործեն Հայ Դատի յանձնախումբեր, իսկ շուրջ 10 երիրներու մէջ ալ՝ գրասենեակներ, որոնցմէ հինգը կեդրոնական գրասենեակներ են։
27 Նոյեմբերին Ազգային Ժողովի վերոնշեալ նիստին հրաւիրեալներու շարքին էին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Քանատայի Հայ Դատի Յաձնախումբի պատուիրակութեան անդամները։ Պարգեւատրման արարողութենէն ետք Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շնորհաւորութիւններ ստացաւ Քեպէքի Ազգային Ժողովի տարբեր կուսակցութիւններու անդամներու կողմէ, որոնց շարքին Guy Ouellette, Marwah Rizqi, Christine St-Pierre, Christopher Skeete, Gabriel Nadeau Dubois, Pascal Bérubé.