25 Նոյեմբերին «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հալէպի գիւղական շրջանին մէջ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն դէմ անծանօթ ռմբաձիգներու կողմէ յարձակումներուն թիւը բարձրացած է 9-ի:
Լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
Ըստ «Սփութնիք»ի, հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներուն դէմ յարձակումներ գործող ռմբաձիգները ամերիկեան են: