Չորեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբը երեք օր մերժած էր մասնակցիլ սահմանադրութեան քննարկման նիստերուն, որովհետեւ թրքական պատուիրակութիւնը ամէն ջանք թափած է բացառելու սուրիական կողմին առաջարկած ազգային սկզբունքները, ինչպէս թրքական եւ ամերիկեան ներխուժման դատապարտումը եւ զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարը:
Յանձնախումբը Չորեքշաթբի օր պատրաստակամութիւն յայտնած է կրկին մասնակցելու նիստերուն, եթէ անոնք ընթանան սուրիական կողմին ազգային սկզբունքներուն յարիր տրամաբանութեամբ: