Երէկ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի, եւ հանդիպում մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Հրաչ Յակոբեան:

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ մեր ժողովուրդի առնչուած բազմաթիւ հարցեր: Առաջնորդ սրբազանը ու Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները զեկուցեցին թեմի վարչական, տնտեսական, ընկերային, շինարարական, յարաբերական եւ այլ բնագաւառներու առնչուած աշխատանքներուն ու մտահոգութիւններուն մասին: Անոնք նաեւ անդրադարձան առանձնաբար Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, Քեսապի, Լաթաքիոյ եւ վերջերս Թուրքիոյ կողմէ ներխուժումի ենթարկուած Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի հայկական գիւղերուն հետ աղերս ունեցող տեղական խնդիրներու ու մտահոգութիւններու:

Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց թեմին կողմէ կատարուող բազմաբնոյթ աշխատանքներուն՝ շեշտելով, թէ անոնց նպատակը պէտք է ըլլայ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը: