Անգլիական BBC պարբերականը ատրպէյճանական բանակին մէջ խոշտանգումներու մասին ծաւալուն յօդուած հրապարակած է: Յօդուածագիր Մահերամ Զեյնալով, նպատակ ունենալով ներկայացնել Ատրպէյճանի մէջ մարդոց խոշտանգման դէպքերը, հարցազրոյց վարած է խոշտանգումներէն տուժած զինուորական ծառայողներուն ու անոնց հարազատներուն հետ:
«Խոշտանգումներու հետեւանքով զոհուած է 9 զինուորական ծառայող, քանի մը տասնեակ տուժած է, 25 հոգի դատապարտուած եւ մեղադրուած է պետական դաւաճանութեամբ: Նման իրավիճակ տիրած է 2017 թուականին ատրպէյճանական բանակին մէջ», կը գրէ Զեյնալով:
Յօդուածը ամփոփելով` հեղինակը կը յիշէ, որ Ատրպէյճանի մէջ իրաւապաշտպանները քաղաքական բանտարկեալներու ցուցակներ կազմած են 1990-ականներու կէսերէն, Հէյտար Ալիեւի (ներկայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հայրը, որ երկրի նախագահ դարձած էր) պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին։