Սուրիական պատերազմն ու երկրի տնտեսական շրջափակումը իրենց բացասական անդրադարձը ունեցան յատկապէս ժողովուրդին վրայ: Փաստօրէն ժողովուրդն էր զոհը տարածաշրջանին մէջ գերպետութիւններու շահերու բախումին, զինուորական ներխուժումներուն եւ յատկապէս Սուրիոյ տնտեսական շրջափակումին:
Պատերազմի ընթացքին, մարդկային կորուստներուն կողքին, ապահովական վատ վիճակէն առաջին ազդուողը եղաւ երկրին տնտեսութիւնը:
Սուրիական լիրայի արժէքին անկումը, երկրէն ներս տիրող սղաճն ու անգործութիւնը անել կացութեան մատնեցին քաղաքացին, հակառակ անոր որ Սուրիոյ տնտեսութիւնը պատերազմի ողջ տարիներուն գնահատելի դիմադրութիւն ցոյց տուաւ, բաղդատած տարածաշրջանի այլ երկիրներու, սուրիական դրամատուները երբեք չփակեցին իրենց դռները։ Աւելին՝ Սուրիան, ըլլալով տնտեսապէս ինքնաբաւ երկիր, կրցաւ ոտքի մնալ ու թաւալգլոր անկումէ փրկել երկրին տնտեսութեան անիւը:
Հակառակ այս բոլորին, տնտեսական տագնապը նուազեցուց Սուրիոյ քաղաքացիին դիմադրողականութիւնը: Այս կացութիւնը որոշ համեմատութեամբ բարելաւելու եկաւ Սուրիոյ նախագահին աշխատավարձերու յաւելման վերջին հրամանագիրը, որ գործադրութեան պիտի դրուի 1 Դեկտեմբերէն սկսեալ:
Այդուհանդերձ անհրաժեշտ է որ այս յաւելումը ընդգրկէ նաեւ մասնաւոր հատուածի աշխատողները, որպէսզի անոնք կախեալ չմնան գործատէրերու քմահաճոյքէն եւ արդարօրէն օգտուին յաւելումի այս օրէնքէն:
Միւս կողմէ, անհրաժեշտ է որ պետական մարմիններ վերահսկողութիւն բանեցնեն կենսական ապրանքներու համար ճշդուած գիներուն վրայ, որովհետեւ եթէ առեւտրականներու քմահաճոյքին թուղուն զանոնք, յաւելումին պիտի յաջորդէ համապատասխան սղաճը, ինչ որ պիտի իմաստազրկէ աշխատավարձերուն յաւելումը:
Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկման նիւթ դարձած մաքսատան պաշտօնէութեան գործունէութեան վերահսկողութիւնը եւ այդ ոլորտին մէջ փտածութեան վերացումը եւս էական նշանակութիւն պիտի ունենան մասնաւոր հատուածի տընտեսական ծրագիրներու արդիւնաւորման վրայ:
Եթէ այս երկու հարցերը լրջօրէն չհետապնդուին պետական վերահսկող ատեաններու կողմէ, երկրի տնտեսական ճըգնաժամէն դուրս գալու քայլերը իմաստազուրկ պիտի դառնան:
Կառավարութիւնը իր կարելին ի գործ կը դնէ արդիւնաբերութեան ոլորտը բանեցնելու համար: Այս իմաստով, Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարարին համաձայն, կառավարութիւնը, զօրօրինակ, այս տարիուան պետական պիւտճէին մէջ 20 միլիառ սուրիական ոսկի յատկացուցած է արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական եւ նման ոլորտներու ընկերութիւններուն ցած տոկոսներով վարկեր տրամադրելու համար:
Քաղաքացիին արժանապատիւ կեանք ապահովելու եւ անոր գնողական ուժը ի սպառ չվատնելու համար անհրաժեշտ է աշխատավարձերու յաւելումին յաջորդող տնտեսական ներքին ամբողջական քաղաքականութեան մը որդեգրումը:
Այս բոլորին լոյսին տակ, ակնկալելի է, որ ազգային ու միութենական մարմինները եւս աշխատավարձերու համապատասխան յաւելում կատարեն, որովհետեւ տնտեսական տագնապը իր ճիրաններուն մէջ առած է Սուրիոյ ողջ ժողովուրդը: Յաւելումին կողքին, անհրաժեշտ է որ անոնք եւս ունենան տընտեսական հեռանկարային քաղաքականութիւն, որպէսզի իրենց կարելիութիւններու առաւելագոյն օգտագործումով հաւասարակշռուած պահեն համայնքի տնտեսական կարողականութիւնը:
«Գ.»