«Մի՛ նեղուիք իրարմէ եւ մի՛ նեղացնէք զիրար: Ամէն ինչ փուճ է եւ անարժէք։ Պահապան եղէք մէկդ միւսին. ձեր ուրախութեան ղեկը ձեր ձեռքին է»։ Այս անթառամ խրատներով, յամառ արցունքի կաթիլները խափանող խորունկ շունչի ընդմիջումներով մեզմէ հեռացար…
«Կեանքի արուեստը ճկունութիւնն է», կ’ըսէիր։ Խաղաղութեան ջնջին նշոյլը կը փնտռէիր ամէնէն ծանր պայմաններուն ընդմէջէն։ «Դիմադրելը հիմնական է, ամէն արկած վերջ ունի. ինչ որ պիտի պատահի, կը պատահի», «Մեր պարտականութիւնը միայն հանդարտ եւ պինդ մնալն է», կ’ըսէիր։
Հաւատարմութիւնը, ազնուութիւնը եւ անսահման ներողամտութիւնը ուժդ կը թափանցէին. «Անիմաստ ստախօսութիւնը եւ ծայրայեղ եսասիրութիւնը կեղծաւոր մարդու փխրուն զէնքերն են», կ’ըսէիր: Ինքնավստահութիւնդ թոյլ չէր տար որ պահուըտէիր «սուտ»ի կամ «Ես»ի ետեւ։
«Մարդու կիրթ վարուելակերպը երջանկութիւն եւ երանութիւն կ’արտացոլեն», կ’ըսէիր: «Որքան լաւութիւն՝ արդքան խիղճդ հանգիստ եւ անարատ կը մնայ», սակայն չափազանց եւ անտեղի լաւութիւնն ալ յիմարութիւն է», կ’ըսէիր։
Ողջ կեանքդ ազգի ծառայութեան նուիրուող, համեստ տիպար էիր: Բերիոյ Հայոց Թեմի Գաւառական Ժողովի եւ ՀՄԸՄ-ի Վարչութեան, Զաւարեան վարժարանի հոգաբարձութեան, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան, Հայ Ծերանոցի ատենապետութեան պատասխանատու պաշտօնները վարելով, Հայ Մտքի Բարեկամներու եւ այլ գործունէութիւններու ճամբով յառաջադէմ հայու տիպարը, ըլլալով մեր հպարտութեան աղբիւր դարձար։
Բնածին տաղանդներէդ էին հաղորդակցութեան ուրոյն հմտութիւններդ։ «Անհրաժեշտ է ընտրել յարմար պահը եւ ուշիմութեամբ շարադրել պատասխանը… Եթէ խռոված ես յետաձգէ վիճաբանութիւնը, որովհետեւ զայրոյթը լուծումի չ’առաջնորդեր, այլ հարցը կը բարդացնէ եւ յարգանքը կը քայքայէ», կ’ըսէիր։
Երբեք ժխտական ենթադրութիւններ չէիր կատարեր որեւէ անձի նկատմամբ: Բաղդատական նայուածք չունէիր քու եւ ուրիշին միջեւ, կ’ապրէիր քու կեանքի անխախտ սկզբունքներով, «Հասարակութեան օրէնքները ո՞վ դրեր է», կ’ըսէիր «մարդը չէ՞… ուրեմն սխալական կրնայ ըլլալ…», այդ պատճառով ալ հոգիդ միշտ խաղաղ էր եւ անխռով։
Սկսեալ ընտանեկան փոքր միջավայրէն մինչեւ ազգային մաշտապի կնճռոտ հարցերը լուծելու բարձր կարողութիւն ունէիր։ Այս բոլորը առանց որեւէ փոխադարձ գնահատական ակնկալելու։
Կոյր եւ հաստատ հաւատք ունէիր Աստուծոյ հրաշքներուն եւ հայկական եկեղեցւոյ։ «Մեծ է զօրութիւնը Քրիստոսի» ասացուածքը ցաւիդ բալասանն էր։ «Հակառակ ծանր հիւանդութեան բօթը ստանալու ցնցումին, յոյսով եմ որ պիտի յաղթեմ չարին… Անոր հետ չարաչար պայքարիլը դիւրին չըլլալը գիտնալով մէկտեղ յոյսս չեմ կտրած։ Թէեւ մարմինս այլեւս չի կրնար դիմադրել, բայց յոյսս չեմ ու չեմ կտրած», ըսիր ։
ՄԵՐ պապան… լուռ պայքար մղող ՄԵՐ իսկական ֆետային… ՄԵՐ ԱՆՆՄԱՆ ԶԱՒԷՆը, մեր հետ չէ մարմնով այլեւս, բայց իր հզօր կամքը, բարի սիրտն ու հրեշտակային անբիծ հոգին մեր կեանքի լուսաւոր ջահը անմառ պիտի պահեն յաւիտեան: