ԵՐԲ ԿԸ ՏՐՈՓԷՐ ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ

   Արդէն յաջորդ տարի, 1910-ի սկիզբը, Պոլսոյ մէջ լոյս պիտի տեսնէր Վարուժանի երկրորդ քերթողագիրքը՝ «Ցեղին Սիրտը», որուն չորս տասնեակ քերթուածներուն մեծ մասը ատենին տպուած էր պարբերականներու մէջ։ Սիամանթոյի «Հայորդիներ»ուն ըմբոստ ու ազատատենչ ոգին, այսպիսով, կ’ագուցուէր Վարուժանի «Ցեղին Սիրտը»էն պոռթկացող հոգեխռով ոգիին…

   Օրին, բոլոր անոնք՝ որոնք ձեռք առին այս գիրքը, բնականաբար բաղդատել փորձեցին զայն նախորդին՝ վտիտ «Սարսուռներ»ուն հետ։ Բայց երկու հատորները անբաղդատելի էին՝ որակի, ներշնչումի, ոճային առանձնայատկութիւններու, բառամթերքի, խորքի ու ձեւի բոլո՛ր մանրամասնութիւններով։

   Գաղտնիք չէ, որ «Սարսուռներ»ը կազմող բանաստեղծութիւնները, առհասարակ, դողդոջուն էին, «պոլսահայ ոտանաւորաշինութեան» (բառը Օշականինն է) տիրապետութեան տակ մնացող գործեր, նոյնիսկ՝ եթէ հոն կային քանի մը յաջող քերթուածներ, եւ նոյնիսկ՝ եթէ Արշակ Չօպանեան իր «Անահիտ»ին մէջ խոստմնալից բանաստեղծէ մը սպասուող բոլոր յատկանիշերը կը տեսնէր հոն։ Մինչդեռ «Ցեղին Սիրտը» մեր դիմաց կը հանէր կատարելապէս կազմաւորուած հրաչուի բանաստեղծ մը, որ ունէր մտքի լայն հորիզոն, ունէր գեղաքանդակ եւ շատ իւրայատուկ ոճ, տէրն էր շշմեցուցիչ ըլլալու չափ ճոխ բառամթերքի մը ու նաեւ՝ արուեստի սուր զգայնութեան մը։

   Երեւոյթը արժանի էր ուշադրութեան։ Ա. եւ Բ. հատորներուն միջեւ սահած էին լոկ չորս տարիներ։ Բայց Վարուժան որքա՛ն արագ կրցեր էր ինքզինք մշակել, ինքզինք կոփել, ինքզինք կատարելագործել, անկարելի նկատուած ոստո՛ւմ մը կատարել…։ Հասած էր գագաթային նուաճումի մը։

   Ինչի՞ մասին կը խօսէր «Ցեղին Սիրտը»։

   Ինչպէս վերնագիրն ալ կը թելադրէ արդէն, գրքին քերթուածները կը ներշնչուէին ՑԵՂԱՅԻՆ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐԷ։ Երեք անջատ գլուխներու տակ՝ «Բագինին Վրայ», «Կրկէսին Մէջ» եւ «Դիւցազնավէպեր», բանաստեղծը կ’երգէր հայ ժողովուրդին տառապանքը, ջարդերը ու նահատակութիւնը, եւ նոյն ատեն՝ հերոսական խոյանքները, յեղափոխական երկունքը, մաքառումները, պայքարի հզօր ոգին եւ լուսաւոր ապագայի մը անշէջ հաւատքը…։

   Մեծաթիւ գրագէտներ արտայայտուած են այս գրքին մասին՝ Վարուժանին ողջութեան թէ նահատակութենէն ետք, առ այսօր։ Ես սակայն պիտի նախընտրեմ մէջբերել վկայութիւնը մեր մշակոյթի պոլսահայ համեստ երկրպագուներէն մէկուն՝ Նուպար Ազարեանի (1913–1991), որ նմանապէս շրջանաւարտ էր Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանէն։ Ազարեան, յետ մահու հրատարակուած իր միակ գիրքին մէջ կը գրէ.

   – Քերթուածները, որքան որ ընդհանրապէս ցեղային ապրումներէ կը ներշնչուին, կան ալ, ուր ցեղայինի պիտակը պարագայական է, ու համամարդկային է խորքով։ Կ’արժէ յիշել հոս, «Կարօտի Նամակը», ամէնուս ծանօթ։ Ամէն ժողովուրդի ու ժամանակի, աւերակ տան առանձնութեան մէջ մինակ մնացած մայրն է որ այդ տողերը կը գրէ իր պանդուխտ որդւոյն, սպասելով որ երկիր վերադառնայ, ու փոխանակ օտարին տունը շէնցնելու, հայրենի իր տունը շէնցնէ։ «Ցեղին Սիրտը» ունի յորդաբուխ զեղումներ, կենդանի ու պերճաբան լեզու, գեղագիտական բարձրորակ յղացում։ Վարուժան հոս ալ տեղ չէ տուած սիրային թեմային ու ինչպէս ինք կ’ըսէ՝ նախընտրած է երգել այն սիրտը միայն, որ ցեղինն է։ Ու երգած է զայն եղէգնեայ գրչով, տաք շունչով, հանդիսաւոր ու հռետորաշունչ («Հանդիպումներ», Իսթանպուլ, 1996)։         

   Գիրքին «Նախերգանք»ը տպաւորիչ մուտք մըն էր արդէն.– բանաստեղծ-քանդակագործ մը կը մտնէր իր արուեստանոցը ու ոսկի մուրճ մը ափին՝ կը սկսէր մարմարի վրայ կերտել ու քանդակել արձանը արդարութեան ու վրէժի աստուածուհիին՝ Նեմեսիսի։ Յետոյ, աւարտելէ ետք ստեղծագործութիւնը, կը հրաւիրէր ժողովուրդը անոր պաշտամունքին։

   Նկարագրութեան արտակարգ շնորհով մը գրի առնուած էր այս «Նախերգանք»ը։  Ի զուր չէ, որ Յակոբ Օշականն իսկ, որ միշտ կ’ախորժէր գրական հրապարակի ծառերը գլխատելէ, Իզմիրի «Հայ Գրականութիւն» ամսօրեայ հանդէսին մէջ իր ստորագրած գրախօսականով (1913)՝ զայն պիտի սեպէր «Հայ Բանաստեղծութեան մեծագոյն քերթուածներէն մէկը»։

   Բայց Օշական հաւնած էր արդէն ամբողջ գիրքը, «Ցեղին Սիրտը» լրիւ։ Հոն տեղ գտած բանաստեղծութիւնները՝ «Դիակին Սայլը», «Ջարդը», «Հայհոյանք»ը, «Կիլիկեան Մոխիրներուն»ը, «Ծեր Կռունկը», «Կարօտի Նամակ»ը, «Կարմիր Հողը», «Հայրենի Լեռներ»ը, «Աւերակներու Տիկին»ը եւ «Արմենուհի» դիւցազնավէպը, շատ խանդավառած էին զինք։

   Այս քերթուածներուն գրառումէն 110 տարի ետք, այսօ՛ր, մենք ալ կրնա՞նք խանդավառուիլ անոնցմով…։

   Դժուարի՜ն հարցում։

   Վարուժանեան պերճափայլ ու գեղաքանդակ լեզուն, հաւանաբար, առաջին պատնէշ մըն է մեր ու այդ էջերուն միջեւ։

   Այնուամենայնիւ, եկէ՛ք կարդալ փորձենք։ Տեսէ՛ք, թէ «Բագինին Վրայ» գլուխին մէջ բանաստեղծը ինչպէ՛ս տուն կը կանչէ իր հայրենիքին ոգի՛ն.

Եկո՜ւր, եկո՜ւր, ժամանակն է ա՛յս, եկո՜ւր

Ահա ցեղէդ մաս մազնիւ՝

Գաղափարի, գուպարի մէջ հալումաշ՝

Ճամբուդ վրայ կը սփռէ

Իր արիւնին հետ նոր վարդեր, կակաչնե՜ր

Եկո՜ւր, եկո՜ւր,– եւ Մասիսի կատարէն

Դիւցազներու, վկաներու հոգիներ

Իբր աստղերու սերմնցան

Տեղա՛ բոլոր իգութեան մէջ մեր երկրին.

Մեր սրտերուն խորունկ խորքերը հոսէ՛

Արիւնդ անբիծ, զոր շիթ առ շիթ ժողվեցիր

Վարդաններու ռազմայարդար հետքերէն.

Եւ ըրէ՛ մեր օրրաններն

Արշակներու վերածնող շիրիմներ.

Ամէն հայու լանջքին տակ

Իր մէկ հին պապն արթնցուր

 

   Թոյլ տուէք որ քիչ մը եւս շարունակենք.

Շունչիդ զեփիւռն ու ճառագայթն աչքերուդ,

Նման գարնան, մեր տան շեմերը պճնող,

Թող ճամբորդեն հիւղէ հիւղ,

Բնակարանէ բնակարան.

Կանգնի՛ն այրերն ու մայրեր,

Ծերը կանգնի՛, կանգնի՛ տղան,

Ու ամէն ոք ազգին սիրով լոկ արբշիռ,

Ազգին ոգւով հաղորդուած,

Ա՛յնպէս վառի, ապստամբի, բորբոքի,

Որ Թորգոմայ Տունն զգայ

Թէ իր օճախը մարած՝

Այսօր հրաբուխ է դարձեր 

  

   Ահա այսպէս, «Ցեղին Սիրտը» արեգակի մը նման կը յայտնուէր գրական հրապարակին վրայ ու…ծունկի կը բերէր բոլոր խստապահանջներն ու կարծրադատները։

   Օշական իր վերոնշեալ ընդարձակ գրախօսականին մէջ յստակօրէն պիտի յայտարարէր.«Վարուժան մեր ամէնէն մեծ բանաստեղծն է»։

   Մեծանուն գրաքննադատը մանրամասն կը վերլուծէր Վարուժանին բանաստեղծական թէքնիքը, կը դանդաղէր անոր հրաբխային տողերուն վրայ, վեր կ’առնէր դիւցազնավէպեր երկնելու անոր ճարտարութիւնը։ «Ջարդը» քերթուածին մասին ան կը գրէր.

   -Ո՛չ մէկ վերլուծում կրնայ ճշգրիտ գաղափար մը տալ այս քերթուածին աննման ուժովութեանը վրայ։ Բառերը այնքան դժնդակօրէն կը մխուին ուղեղիդ մէջ, պատկերները այնքան արիւնոտ ու ծուծով ճենճերուն հրդեհ մը կը վառեն երեւակայութեանդ առջեւ, որ կը վախնաս կարդալէ։ Ջարդող, փշրող, սառեցնող է ան։

   Ի դէպ, Թէոդիկի նամակներէն իմացած ենք, որ Վարուժանի «Ջարդը» (գէթ անկէ որոշ հատուածներ) հրապարակաւ արտասանուեր է Պոլիս, նշանաւոր դերասան Վահրամ Փափազեանի կողմէ, Սահմանադրութեան հռչակման Բ. Կիրակին (1908)։ Ըստ Թէոդիկի, ազատութեան ու գինովութեան այդ օրերուն, մեծաթիւ հայեր հաւաքուեր էին Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը՝ 1894-96-ի զոհերու յիշատակի սգահանդէսին։ Վ. Փափազեան, որ տակաւին ուսանող էր Միլանի Գեղարուեստից Ակադեմիային մէջ ու արձակուրդով Պոլիս եկեր էր, դամբարանի մը վրայ կանգնելով, հո՛ն, կ’արտասանէ «Ջարդը», մագնիսացնելով ներկաները…։ Փափազեան ի՛նք ալ անդրադարձած է այս դէպքին իր «Յետադարձ հայեացք» յուշերու գրքին մէջ.«Բարձրացաւ մի ահռելի աղմուկ, ոգեւորութեան այնպիսի մի արտայայտութիւն, որից ես անգամ վախեցայ»։

   Ուրիշ հետաքրքրական պատում մըն ալ առնչուած է Վարուժանի «Կարմիր Հողը» քերթուածին։ Կը պատմուի, թէ բանաստեղծը զայն գրի կ’առնէ՝ ականջալուր ըլլալէ ետք հետեւեալ դէպքին.

   Հ. Ղեւոնդ Ալիշան իր գիրքերէն մին Խրիմեան կաթողիկոսին կը ղրկէ՝«Հայոց Հայրիկին» մակագրութեամբ։ Խրիմեան Հայրիկն ալ, փոխադարձաբար, Էջմիածնէն Վենետիկ կ’ուղարկէ…պարզապէս ծրար մը հայրենի հող, կարմի՛ր հող, հասցէագրուած՝ «Հայոց Նահապետին»…։

   Այս սրտառուչ դրուագը, ահաւասիկ, ներշնչումի աղբիւր կ’ըլլայ Վարուժանին՝ գրելու համար «Կարմիր հողը»։

(Շարունակելի – 4)
Լեւոն Շառոյեան