Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորական կազմը եւ աշխատակազմը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամէնամեայ հեռուստամարաթօնին կը նուիրաբերեն 1.400. 000 (մէկ միլիոն չորս հարիւր հազար) ՀՀ դրամ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթօնին այս տարուան հանգանակութեան միջոցներով Արցախի եւ Հայաստանի մէջ կ’իրականացուին խմելու ջուրի մատակարարման եւ արեւային ուժանիւթի կիրառման ծրագիրներ: