28 Նոյեմբերին «Անի փլազա» հիւրանոցի «Նայիրի» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Պետականութիւն եւ արժեհամակարգ. մարտահրաւէրներ եւ ընելիքներ» խորագիրով խորհրդաժողովը: Քննարկուեցան ազգային պետականութեան, կրթական, մշակութային եւ լեզուական քաղաքականութիւններուն առնչուող հարցեր:

Խորհրդաժողովի մասնակիցները փորձեցին սահմանել մտաւորականութեան եւ պետական կառոյցներու ընելիքներն ու հարցերը:

Նախաձեռնող խումբը նպատակ ունի նման խորհրդաժողովները դարձնել շարունակական` արծարծելու եւ արժեւորելու հանրութիւնը յուզող հոգեւոր-մշակութային հարցեր:
Սա համազգային եւ ապագայ բնորոշող գործողութիւններու, մտահոգութիւններու ամբողջութիւն է` խորհրդաժողովի ժամանակ իր ելոյթին մէջ յայտարարեց ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:
«Երբ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը կը քննարկէր այսպիսի խորհրդաժողով կազմակերպելու հարցը, որոշում առնուեցաւ դիմել մեր գործընկերներուն, ձեւակերպուեցաւ շատ յստակ հարց. պէտք չէ այսպիսի հաւաքը որեւէ ձեւով կուսակցականացուի», ըսաւ ան:
Արծուիկ Մինասեան յոյս յայտնեց, որ հաւաքը կը դառնայ առիթ, ուր հետագային բանաձեւումներով, քննարկումներով կը ձեւակերպուին մեր մտաւորականութեան, ակադեմական շրջանակներու, հանրութեան, ազգային հիմնարկներու, նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մօտեցումներն ու պահանջները ազգային դաստիրակութեան, ազգային ինքնութեան համապատասխան քաղաքականութիւն մշակելու համար:
«Այն երկիրները, որոնք այսօր ունին կայուն յառաջընթաց, անոնց զարգացման հիմքը, բանալին, իրենց ազգային ինքնութեան համահունչ քաղաքականութիւն վարելն է: Մենք որեւէ մէկը թշնամի չենք համարեր, որեւէ մէկուն չենք ուզեր դաւաճան պիտակաւորումը տալ: Շատ կարեւոր է, որ մտաւորականութիւնը, հասարակական, քաղաքական, հանրային կեանքէն ներս մեծ հեղինակութիւն վայելող անձինք այս հարցերուն շուրջ իրենց մօտեցումները ներկայացնեն եւ համախմբուին այս օրակարգին շուրջ», յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան:
Վերջին մէկ ու կէս տարուան ընթացքին մեր հանրային կեանքէն ներս հայեցակարգային, ծրագրային, ռազմավարական փաստաթուղթերու բացակայութիւն կայ, բայց այդ բացակայութեան պայմաններուն մէջ մեր հանրային կեանք կը նետուին գաղափարներ, որոնք խիստ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն հանրութեան բոլոր շերտերուն մօտ` խորհրդաժողովի ընթացքին իր խօսքին էջ յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Լիլիթ Գալստեան:
Այս համազգային եւ համապետական հարցերու առնչութեամբ մտահոգութիւնը, անոր խօսքին համաձայն, աւելի կը սրուի, երբ ակնյայտ է, որ մէկ կողմից չկան յստակ ճանապարհային քարտէզներ, թէ ուր կ’երթայ Հայաստանը, իսկ միւս կողմէն` քաղաքականութիւն իրականացնող անձինք կը մերժեն երկխօսութիւնը:
Ան դիտել տուաւ, որ այսօր անխուսափելիօրէն անհրաժեշտութիւն կայ` լսելու շարք մը հարցերու պատասխաններ. այդ հարցերը կը վերաբերին հետեւեալին` Հայաստանը ու՞ր կ’երթայ, ի՞նչ սկզբունքներով, ի՞նչ արժէքներով կ’երթայ․ «Եւ առհասարակ, միջազգային եւ ազգային արժէքներու բախման մէջ արդեօ՞ք մենք ունինք բաւարար դիմադրողականութիւն, բաւարար ներուժ` ճշդելու, յստակացնելու մեր ո՛ւր երթալու ճամբան, արդեօ՞ք կայ հանրային եւ շատ աւելի կարեւոր` քաղաքական գիտակցութիւն, թէ մեր ինքնութեան կարեւորագոյն բաղադրիչները` մշակոյթը, կրթութիւնը եւ հոգեւոր արժէքները առկա՞յ են երկրի ապագայի տեսլականին մէջ»:
Ան աւելցուց, որ հասարակութիւնը իր մտահոգութիւններուն ու հոգերուն դէմ յանդիման մինակ չէ:
«Հոս հաւաքուած են գիտութեան, արուեստի, մշակոյթի գագաթին գտնուող մարդիկ: Ես ընդամէնը ֆիզմաթ գիտութիւններու թեկնածու եմ, եւ իմ գիտական ներդրումը անհամեմատելի է հոս գտնուած մարդոց ներդրումին հետ: Ձեզմէ որեւէ մէկուն հայոց լեզու՞ն խանգարած է մշակոյթի, արուեստի եւ գիտութեան մէջ բարձունքին հասնելու ճանապարհին: Սեփական օրինակով գոնէ նայինք, եւ յետոյ այդ հիման վրայ նայինք այսօրուան վարուող քաղաքականութեան», խորհրդաժողովի ընթացքին իր ելոյթին յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան:
Ա. Խաչատրեան իր խօսքը շարունակեց հարցադրումներով. «Կա՞յ լաւ գիտնական, որ լեզու չգիտէ: Ի հարկէ` կայ: Այդ գիտնականը կամաւո՞ր հրաժարած է լեզու սորվելէ, թէ՞ որոշակիօրէն դժբախտ հանգամանքերու հետեւանքով լեզու չի գիտեր:
Ըստ բանախօսին` բոլոր գիտնականները, նաեւ` հայ գիտնականները, որոնք լեզու չեն գիտեր, կամաւոր ընտրութեամբ չէ, որ լեզու չեն գիտեր, այլ դժբախտ հանգամանքերու հետեւանքով է, որ չեն գիտեր:
ՀՅԴ ԳՄ անդամը օրինակներ բերած է. «Եթէ հարցնենք վատ պարողին` հազար պատճառ կը բերէ, ցած յառաջադիմութեամբ ուսանողին, չկայացած գիտնականին որ հարցնես` կ’ըսէ` ես կ’ուզէի սորվիլ, բայց թոյլ չտուին, տրական հոլովը սեռականէն չէի տարբերեր զիս դուրս դրին համալսարանէն»:
Ա. Խաչատրեանն կ’ընդունի, որ Օքսֆորտի համալսարան աւարտած տնտեսագէտը, ֆիզիքոսն ու մաթեմաթիկոսը աւելի բարձր են գիտելիքներով, քան ԵՊՀ աւարտած մասնագէտները:
«Բայց արդեօ՞ք լեզուն է պատճառը: Եւ եթէ մենք կ’ուզենք մեր կրթական մակարդակը հասցնել եւրոպական եւ ամերիկեան մակարդակի, արդեօ՞ք ճիշդ տեղէն կը սկսինք: Թէ՞ ինչ-որ ուրիշ թաքնուած օրակարգ կայ, որուն մասին մեզի չեն տեղեկացներ», այսպիսի հարցադրումներով իր խօսքը աւարտեց Արթուր Խաչատրեան: