Հայոց լեզուի դասապահն էր…
Երկար ժամանակէ ի վեր այս պահուն կը սպասէի, որովհետեւ առիթ պիտի ունենայի նախասիրած նիւթիս՝ հայերէնի քերականութեան խորքը թափանցելու եւ ուսումնասիրելու զայն:
Ուսուցիչը դասարան մտաւ , բարեւեց բոլորիս, մեղմ ժպիտով մը նայեցաւ դէմքիս եւ ըսաւ.
-Ուրկէ՞ եկած ես աղջիկս:
-Հալէպէն,- պատասխանեցի:
-Շատ լաւ, ուրախ եմ որ արեւմտահայ երիտասարդուհիի մը պիտի դասաւանդեմ, իսկ հայերէն գիտե՞ս:
Այս հարցումը լսելով այնքան ապշեցայ, որ խօսքս չկրցայ ամփոփել: Այդ պահուն իսկապէս կարծեցի, որ հայերէն չեմ գիտեր: Փորձեցի սթափիլ ու պատասխանել:
-Այո՛, անշուշտ:
Եւ այդ օրը ինծի համար «պայքարի սկիզբ» վերնագիրը կրեց: Արդէն եկած էր ժամանակը կրկնապատիկ ջանք թափելու եւ ծանօթացնելու հայը հայուն:
Չէ՞ որ մեր հայրենակիցները շատ բան չէին գիտեր մեր մասին:
Չէին գիտեր, թէ ինչպէ՛ս յայտնուած ենք հայրենիքէն դուրս, այլ երկիրներ, կազմած մեր գաղութը եւ կառուցած մեր եկեղեցիները, տանելով ազգապահպանման եւ կրօնապահպանման աշխատանք: Հայկական դպրոցներէն ներս ուսուցիչները մեզի օգնեցին, որ մեր ներաշխարհին մէջ հիմնենք փոքրիկ հայրենիք մը եւ սորվեցուցին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար: Արդեօ՞ք բոլորը տեղեակ են, թէ մեր ակումբներէն ներս ինչպէս դաստիարակեցին մեզ հայրենասիրական ոգիով եւ հայոց պատմութիւնը սորվեցուցին: Տակաւին Սփիւռքի կարեւորութեան մասին կը խօսին, մինչդեռ, ցաւօք, մէկս միւսը լրիւ չի ճանչնար:
Այս ամէն ինչին ականատես ըլլալէ ետք կը մտածեմ, թէ Սփիւռքի մէջ հայրենիքը ծանօթացնելու կողքին, պէտք է մեր հայրենակիցներուն ալ ծանօթացնել Սփիւռքը՝ իր բոլոր նրբութիւններով, իր հոգեբանութեամբ, իր մաքառումներով ու իր տագնապներով:
Նայիրի Արապաթլեան
Երեւան