Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք տարբեր բնաւորութեան տէր են, բան մը կը սորվեցնեն մեզի իրենց այս կամ այն արարքով: Անոնց ճամբով մենք նոր փորձառութիւն կը շահինք եւ աւելի ինքնավստահ կը շարունակենք մեր կեանքը:
Փոքր տարիքէս հանդիպած եւ զրուցած եմ բազմաթիւ մարդոց հետ: Փորձած եմ իւրաքանչիւրէն բան մը սորվիլ, իւրաքանչիւրին սխալը տեսնելով, իմ սխալներս սրբագրել։ Դրական անձերու կողքին բացասական մարդոց ալ հանդիպած եմ, բամբասողներու, որոնք չեն խորհիր նոյնիսկ, թէ զրուցակիցը կ’ուզէ՞ լսել զիրենք, թէ՝ ոչ։ Արդեօ՞ք այսպիսիները իրենք զիրենք տկար կը համարեն եւ կ’ուզեն ուրիշներն ալ դասել տկարներուն կարգին:
Չնմանիք այսպիսիներուն: Չբամբասէք: Ընդհակառակը, փորձեցէք ապրիլ սիրով եւ յարգանքով: Եթէ բամբասէք, ուրախ պիտի չըլլաք այնքան, որքան կ’ըլլան լաւատես մարդիկ։ Որախութիւնը դրականօրէն կ’ազդէ մեր առողջութեան վրայ: Յաճախ կ’ենթադրենք, թէ նուէր ստանալով կամ լաւ բջիջային հեռաձայն մը ունենալով միայն կրնանք ուրախանալ: Այս ուրախութիւնը անցողիկ է։ Վստահ եղէք, որ շատ աւելի ուրախ կրնաք ըլլալ, երբ փորձէք ուրախացնել ձեր շուրջինները նուէրով մը, անուշ խօսքով մը, անոնց ուրախութեամբ եւս ուրախանաք եւ սիրէք զիրար:
Սիլվի Նարինեան
ԺԱ. Կարգ
Հայ. Աւետ. Բեթէլ Երկ. Վարժարան