Խոյ 
Ազդող մոլորակներ՝ հրատ, Լուսին: Գոյներ՝ վառ կարմիր, նարնջագոյն, կապոյտ, մանիշակագոյն, պղնձագոյն: Քար՝ ալմաստ, մեղեսիկ, լուսնային, զմրուխտ:
Ծաղիկներ՝ ալոճենի, մանիշակ, տերեփուկ: Մետաղ՝ երկաթ, պողպատ: Բարենպաստ թիւեր՝ 4, 7, 9, 11: Բարենպաստ օրեր՝ Երեքշաբթի, Կիրակի: Հաւանական անյաջող օրեր՝ Ուրբաթ, Շաբաթ:
Խոյերը սովորաբար իրենց մասնագիտութիւնը կ’որոշեն դպրոցական տարիքէն: Նստակեաց կեանքը չեն սիրեր: Կը նախընտրեն արկածախնդրութիւնը եւ մեծ հեղինակութիւն կը վայելեն:
Խոյերը շատ լաւ գիտեն, թէ ինչպէս կարելի է յարաբերութիւն մշակել մարդոց հետ: Խոյ նշանին տակ ծնողները կրնան ըլլալ բժիշկ, ատամնաբուժ, դասախօս, զինուոր, ոստիկան: Անոնք տնտեսող են:
Ցուլ
Ազդող մոլորակներ՝ Արուսեակ, լուսին: Գոյներ՝ դեղին, վառ կապոյտ, նարնջագոյն, կանաչ: Քար՝ փիրուզ, զմրուխտ: Ծաղիկներ՝ կակաչ, յասմիկ: Մետաղ՝ պղինձ: Բարենպաստ թիւեր՝ 2, 4, 16: Բարենպաստ օրեր՝ Երկուշաբթի, Ուրբաթ: Հաւանական անյաջող օրեր՝ Երեքշաբթի:
Մասնագիտութեան ընտրութեան մէջ ցուլերը կը նախընտրեն եկամտաբեր ոլորտները: Փոփոխութիւններու հակամէտ չեն ընդհանրապէս, կը սիրեն կայունութիւնը:
Մանր-մունր հարցերով չեն զբաղիր: Անոնք կրնան ըլլալ հմուտ խոհարար, գրող, առեւտրական, մանկավարժ, տնտեսագէտ, արուեստագէտ, բուսագէտ:
Երկուորեակ
Կ’ազդուին Հրատէն: Գոյներ՝ մանիշակագոյն, մոխրագոյն, դեղին, կապոյտ: Քար՝ ոսկեքար, նռնաքար, բիւրեղ, հասպիս: Ծաղիկներ՝ յասմիկ, նարկիզ: Մետաղ՝ ոսկի, արծաթ: Բարենպաստ թիւեր՝ 3, 5, 12, 18: Բարենպաստ օրեր՝ Չորեքշաբթի, Կիրակի: Հաւանական անյաջող օրեր՝ Հինգշաբթի:
Այս աստղի ազդեցութեան տակ ծնած մարդիկ մտաւորականներ են: Երկուորեակները կը նախընտրեն փոփոխութիւններով լի եւ շարժուն աշխատանք: Երկուորեակները կրնան ըլալլ յաջողակ դերասան, լրագրող, խմբագիր, քարտուղար, հաշուապահ, գրող, առեւտրական կամ գիտնական:
Խեցգետին 
Ազդեցութիւն կը կրեն լուսինէն: Գոյներ՝ ճերմակ, կապոյտ, արծաթագոյն, կանաչ: Քար՝ լուսնաքար եւ զմրուխտ: Ծաղիկներ՝ ջրային շուշան, յասմիկ, երեքնուկ:
Մետաղ՝ արծաթ: Բարենպաստ թիւեր՝ 2, 4, 5, 8: Բարենպաստ օրեր՝ Երկուշաբթի, Հինգշաբթի: Հաւանական անյաջող օրեր՝ Երեքշաբթի, Շաբաթ:
Խեցգետինները հակամէտ են պահելու իրենց իսկական տարիքը: Հակառակ անոր, որ կենսուրախ են, սակայն նախաձեռնող չեն, կը հաւատան ճակատագրին: Անոնք յաճախ կ’ընտրեն իրենց ծնողներուն մասնագիտութիւնը:
Դանդաղ, բայց յստակ քայլերով յառաջացող խեցգետինները իրենց գործին անհրաժեշտ պայմանները կ’ապահովեն յաճախ եւ ամէն ինչ կ’ընեն, որ ըստ կարելւոյն պարզեցնեն իրենց գործը: Անոնք երբեմն կը թերագնահատեն իրենք զիրենք, բայց կրնան շատ լաւ հոգեբան, մանկաբարձ, հիւանդապահ եւ հրաշալի ծնողք ըլլալ:
Առիւծ 
Կ’ազդուին արեւէն: Գոյներ՝ մանիշակագոյն, ոսկեգոյն, նարնջագոյն, կարմիր եւ սեւ: Քար՝ սաթ, ոսկեքար, ադամանդ: Ծաղիկներ՝ շուշան, մեխակ: Մետաղ՝ ոսկի: Բարենպաստ թիւեր՝ 1, 5, 9: Բարենպաստ օրը՝ Կիրակի: Հաւանական անյաջող օրը՝ Շաբաթ:
Մասնագիտական ոլորտին մէջ, հասարակութիւնը անոնցմէ միշտ ալ ներդրում կ’ակնկալէ: Անոնք հետեւորդ ըլլալ չեն սիրեր, նախաձեռնող են, գործող եւ յաճախ՝ առաջնորդ: Լաւ մասնագէտներ կրնան ըլլալ քաղաքականութեան, մշակոյթի եւ նորաձեւութեան ոլորտներուն մէջ:
Անոնք ակնառու  ոսկերիչներ, դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ, արուեստագէտներ, բեմադրիչներ, մարզիկներ, տնօրէններ եւ նախագահներ կրնան ըլլալ: Կը սիրեն մեծ գումարներ վաստկել եւ աւելին ալ ծախսել:
Կոյս 
Ազդեցութիւնը՝ Հրատ: Գոյներ՝ ճերմակ, կապոյտ, մանիշակագոյն, կանաչ: Քար՝ մարմար:
Ծաղիկ՝ կարմիր կակաչ: Մետաղ՝ անագ, պղինձ: Բարենպաստ թիւեր՝ 3, 5, 6, 12, 20, 27: Բարենպաստ օրը՝ Չորեքշաբթի: Հաւանական անյաջող օրեր՝ Հիգշաբթի, Ուրբաթ:
Կոյսերը իրենց մասնագիտութիւնը կ’ընտրեն խոր գիտակցութեամբ:Անոնք թէեւ կը նախընտրեն անհատական աշխատանքի յատուկ մասնագիտութիւններ, սակայն շատ լաւ կ’աշխատին խումբի մէջ: Տնտեսող են:
Կրնան ըլլալ լաւ բժիշկներ, դեղագործներ, անասնաբուժներ, նախարարներ, լեզուաբաններ, ժամագործներ, ակնաբուժներ եւ ճարտարագէտներ:
Կշիռք
Կ’ազդուին՝ Արուսեակէն եւ Լուսնթագէն: Գոյներ՝ մուգ կապոյտ, կանաչ: Քար՝ լազվարտ, ալմաստ, շափիւղ, մարգարիտ, ոսկեքար, լուսնաքար, բիւրեղ: Ծաղիկներ՝ նարկիզ, վարդ, մանիշակ: Մետաղ՝ պղինձ: Բարենպաստ թիւեր՝ 2, 5, 9, 15: Բարենպաստ օրեր՝ Ուրբաթ, Շաբաթ: Հաւանական անյաջող օրերը՝ Երեքշաբթի, Կիրակի:
Կշիռքները նախքան իրենց մասնագիտութիւնը ընտրելը երկար կը մտածեն, երբեմն կը տատամսին: Անոնք ոչ մէկ առաջարկ մէկ անգամէն կ’ընդունին: Շատ լաւ արդիւնք կու տան յատկապէս խմբային աշխատանքներու մէջ:
Լաւ մասնագէտներ կը դառնան ձեւաւորումի, արուեստի, բժշկութեան, երկրաչափութեան, մամուլի, թատերգութեան, իրաւաբանութեան ոլորտներուն մէջ: Անոնք կը համակերպին աշխատանքի պայմաններուն եւ մեծ կարեւորութիւն կու տան աշխատանքի արդիւնքին:
Կարիճ 
Կ’ազդուին՝ պլուտոնէն: Գոյներ՝ դեղին, մուգ կարմիր: Քար՝ ծովակն, մարջան, ոսկեքար, սուտակ, լուսնաքար, բիւրեղ: Ծաղիկներ՝ վարդ, քաջվարդ:
Մետաղ՝ երկաթ, պողպատ: Բարենպաստ թիւեր՝ 4, 5, 8, 9, 10, 11, 21, 100, 666: Բարենպաստ օր՝ Կիրակի: Հաւանական անյաջող օրեր՝ Երկուշաբթի, Ուրբաթ:
Այս խումբին պատկանող անձիք կրնան ըլլալ հմուտ վիրաբուժ, նաւաստի, քիմիկոս, փիլիսոփայ հանքագործ, մեքանիստ ու երաժիշտ: Կարիճները շատ համբերատար եւ հաւասարակշռուած են:
Աղեղնաւոր
Ազդեցութիւնը՝ Հրատ: Գոյներ՝ կապոյտ, մանիշակագոյն: Քար՝ տպազիոն, մեղեսիկ, ոսկեքար, փիրուզ, զմրուխտ: Ծաղիկներ՝ մեխակ, նարկիզ, տերեփուկ:
Մետաղ՝ զինք, պողպատ: Բարենպաստ թիւեր՝ 3, 4, 9: Բարենպաստ օր՝ Հինգշաբթի: Հաւանական անյաջող օր՝ Չորեքշաբթի:
Անոնք հարցերու միջին լուծումներ չեն նախընտրեր: Մասնագիտութեան մէջ ալ բարձրագոյնին հասնելու ձգտում կ’ունենան:
Աղեղնաւորները կրնան ըլլալ նաեւ մարզիկներ, որսորդներ, կազմակերպիչներ, ատաղձագործներ, թարգմանիչներ, քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ, հետազօտողներ, բուսաբաններ, բժիշկներ, քիմիկոսներ, ճարտարագէտներ, իրաւաբաններ, դատաւորներ, քահանաներ, համայնքներու ղեկավարներ:
Այծեղջիւր
Ազդեցութիւնը՝ Հարս: Գոյներ՝ մուգ կանաչ, սեւ, մոխրագոյն, կապոյտ, դեղին, շագանակագոյն: Քար՝ նռնաքար, լուսնաքար, լաճվարտ: Ծաղիկ՝ սպիտակ մեխակ:
Մետաղ՝ կապար: Բարենպաստ թիւեր՝ 3, 5, 7, 8, 14: Բարենպաստ օրեր՝ Երեքշաբթի, Շաբաթ: Հաւանական անյաջող օրեր՝ Երկուշաբթի, Հինգշաբթի:
Այծեղջիւրները երկու խումբի կը բաժնուին՝ անոնք, որոնք իրենց վաղ հասակէն գիտեն, թէ ինչ կ’ուզեն կեանքէն, եւ անոնք, որոնք ընդհանրապէս չեն կողմնորոշուիր: Բոլորն ալ սակայն շատ աշխատասէր եւ ճշդապահ են, կրնան առտուընէ իրիկուն աշխատիլ, խուսափելով շփումներէ եւ աղմուկէ:
Անոնք կրնան ըլլալ հմուտ դեղագործներ, հանքագործներ, շինարարներ, ժամագործներ, իրաւաբաններ, աշխարհագէտներ, գիւղատնտեսներ, ճարտարապետներ, փիլիսոփաներ, ընկերային ծառայողներ եւ քաղաքական գործիչներ:
Ջրհոս 
Ազդեցութիւնը՝ Երեւակ: Գոյներ՝ սեւ, մանիշակագոյն, կապոյտ, կանաչ: Քար՝ նռնաքար, շափիւղ, լաչվարդ: Ծաղիկներ՝ վիոլեթ, նարկիզ: Մետաղ՝ անագ: Բարենպաստ թիւեր՝ 2, 4, 8, 9,11,13: Բարենպաստ օրեր՝ Չորեքշաբթի, Շաբաթ: Հաւանական անյաջող օր՝ Կիրակի:
Կարգապահ եւ պատասխանատու ջրհոսները, միշտ ալ զբաղում ունին: Անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ ինչպէս պէտք է բացատրել, ինչպէս հրամաններ արձակել:
Լաւագոյն արդիւնքը կու տան արուեստի բնագաւառին մէջ, նաեւ ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի, կրթական, գիտական ոլորտներու մէջ: Կրնան լաւ հոգեւոր առաջնորդներ եւ հոգեբաններ ըլլալ:
Ձուկ
Ազդեցութիւնը՝ Արուսեակ, Երեւակ: Գոյներ՝ մանիշակագոյն, կանաչ, կապոյտ: Քար՝ մարգարիտ, մեղեսիկ, ալեքսանտրիտ, զմրուխտ եւ լուսնաքար:
Ծաղիկներ՝ նարկիզ, յասմիկ, մանիշակ, անմոռուկ: Մետաղ՝ զինք: Բարենպաստ թիւեր՝ 3, 6, 7, 9, 11, 1 Բարենպաստ օրեր՝ Երկուշաբթի, Հինգշաբթի, Ուրբաթ: Հաւանական անյաջող օր՝ Չորեքշաբթի:
Անոնք պէտք է աշխատին իրենց նախասիրած կշռոյթով, կը նուիրուին իրենց աշխատանքին եւ հրամայողներ չեն ընդհանրապէս: Կրնան ըլլալ տաղանդաւոր գրողներ, արուեստագէտներ, դերասաններ, երաժիշտներ: