ՏԵՂԱԿԱՆ

 

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ փուլի մրցումներուն, Լաթաքիոյ մէջ Հըթթին խումբը 1-1 հաւասար արդիւնքով աւարտեց Իթթիհատին հետ իր մրցումը, իսկ Հոմսի Մէջ Ուասպէն 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուահտէ խումբը: Մնացեալ մրցումները արձանագրեցին հետեւեալ արդիւնքները Ճէյշ – Ճազիրա  5-0 , Թալիաա – Ֆութուէ  1-0, Թիշրին – Ալսահէլ  3-1, Ճապլէ  – Նաուաիր 2-2 :
-Սուրիոյ պասքեթի հանրապետական բաժակի մրցումներու ծիրին մէջ, ճալաա 62-61 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Դամասկոսէն ժամանած Ուահտէ խումբը, իսկ Ճէյշի կազմը 61-62 արդիւնքով յաղթեց Ուասպէին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԱՇՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ 
Հայաստանի ֆութպոլի դաշնութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանն ու գործադիր կոմիտէն ներկայացուցին իրենց հրաժարականները: Դաշնութեան գլխաւոր քարտուղար Արմէն Մէլիքբէկեան պիտի շարունակէ իր աշխատանքը եւ յառաջիկայ մէկ ամ- սուան ընթացքին պիտի կազմակերպէ Ֆութպոլի Դաշնութեան ընտրութեան յատուկ ընդհանուր ժողովը: Այս մասին Ֆութպոլի Դաշնութեան արտահերթ նիստէն ետք  յայտարարեցին ՀՖԴ  նախկին նախագահ Արթուր Վանեցեանն ու գործադիր անդամ, ԱԺ պատգամաւոր Ռուբէն Ռուբինեանը։ Յիշենք, որ կոմիտէի անդամական եւ նախագահի ընտրութեան ընդհանուր ժողովի թուական նախատեսուած է 23 Դեկտեմբերը: Արթուր Վանեցեան իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ յառաջիկայ շրջանին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԷՆԶԵՄԱ ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ՊԻՏԻ ԿՆՔԷ
Սպանիոյ մայրաքաղաք Ռէալ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի յարձակող Քարիմ Պէնզեմա յառաջիկայ օրերուն նոր պայմանագիր պիտի կնքէ Արքայական խումբին  հետ:  Fox Sports-ի համաձայն, նոր պայմանագիրով Պէնզեմա աւելի բարձր աշխատավարձք պիտի ստանայ, իսկ պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2023: Ֆրանսացի խաղացողի գործող պայմանագիրը Ռէալի հետ նախատե- սուած է մինչեւ Յունիս  2021: Յիշեցնենք, որ ընթացիկ մրցա- շրջանին 31 տարեկան մարզիկը  Ռէալի կազմին հետ մասնակցած է 15 մրցումներու՝ արձանագրելով 11 կոլ եւ կատարած է հինգ կոլի փոխանցում:
ՄՈՐԻՆԻՕՆ ԹՈԹԵՆՀԱՄԻ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ
Անցեալ Չորեքշաբթի, Անգլիոյ Թոթենհամ ակումբի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս ներկայացուց խումբի նորանշակ մարզիչ Ճոզէ Մորինիօն, որ պիտի փոխարինէ  Մաուրիսիօ Պոքիթինիօն: Փորթուկալցի մասնագէտին պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2023-ի աւարտը: Թոթենհամի նախագահ Տանիէլ Լիվին ներկայացումի ասուլիսին ընթացքին ըսաւ: «Մորինիօն կը նկատուի աշխարհի լաւագոյն մարզիչներէն մէկը: Ան նախապէս իր մարզած  խումբերուն հետ տիրացած է 25 տիտղոսներու: Մենք լիայոյս ենք, որ ան խումբին հետ պիտի յաջողի արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ եւ բարելաւել կազմին դիրքը ախոյեանութեան աղիւսակի ցանկին մէջ»: Աւելցնենք, որ Մորինիոյի գլխաւորութեամբ կազմը իր առաջին մրցումը կատարեց Շաբաթ օր, եւ 3 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուէսթըրն Սիթին:
ՌՈԺԷՐ ՖԷՏՐԷՐ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԲԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Զուիցերիացի 38-ամեայ արհեստավարժ թենիս խաղացող Ռոժէր Ֆէտրէր 2020-ին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Աւստրալիոյ  թենիսի բաց մրցաշարքին: Ֆէտրէր յայտարարելով իր մասնակցութիւնը  շեշտեց, որ նախորդ տարիներու յաջողութիւնը կ’ոգեւորէ զինք, որ մասնակցի մրցաշարքին: Բացի Աւստրալիոյ բաց առաջնութեան մրցումէն, զուիցերիացի խաղացողը  մտադիր է մասնակցիլ նաեւ  Ուիմպլտոնին: Australian Open-ը յառաջիկայ տարի տեղի պիտի ունենայ 20  Յունուարէն  2 Փետրուարին: Յիշենք, որ ֆէտրէր այս մրցաշարքի ախոյեանութիւնը ձեռք ձգած է վեց անգամ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան