«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում  ունեցած են Արցախի Ազգային ժողովի նախագահին, Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութեան ղեկավար Աշոտ Ղուլեանի, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի եւ Ազատ Հայրենիք Կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ  կատարուած է Արցախի մէջ կայանալիք համապետական ընտրութիւններու կազմակերպման, առկայ քաղաքական իրավիճակին, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, բանակաշինութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

Պէտք է յիշել, որ հանդիպումի ընթացքին մասնակիցներէն երեքը` Աշոտ Ղուլեան, Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մասիս Մայիլեան կը պատրաստուին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն:

ՀՅԴ Արցախի կառոյցը հանրապետութեան նախագահին եւ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան ձեւաչափին, ինչպէս նաեւ  նախագահի իր թեկնածուին մասին որոշումը պիտի հաստատէ յառաջիկային տեղի ունենալիք  ՀՅԴ Արցախի կառոյցի արտակարգ ժողովին: