«Հորիզոն».-ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով Քանատա ժամանած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 30 Նոյեմբերին իր քաղաքական հանդիպումները սկսաւ Լաւալ քաղաքի Հայ Կեդրոնին մէջ։

Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Ֆայսալ էլ Խուրիի, Աննի Քութրաքիսի եւ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արամ Էլակօզի հետ, որոնց հետ քննարկեց Քանատա-Հայաստան գործակցութեան տարբեր բնագաւառներ։ Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան եւ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի պատուիրակութիւնները։

Նշենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչը Քանատա պիտի գտնուի 30 Նոյեմբերէն 8 Դեկտեմբեր եւ որպէս գլխաւոր պատգամաբեր պիտի բանախօսէ Քանատայի մէջ կայանալիք ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութիւններուն։ Միաժամանակ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ քանատական տարբեր քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։