Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հին Հալէպի Մաատի թաղամասին մէջ ապօրինի կերպով կառուցուած 5 յարկանի շէնք մը փուլ եկաւ, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան 5 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ շէնքը փուլ եկած է, որովհետեւ կառուցուած է ապօրինի կերպով, գիւղատնտեսական հողի վրայ: Ան աւելցուց, որ շտապ օգնութեան հրշէջները անմիջապէս ուղղուած են յիշեալ թաղամաս, փլատակներուն տակ մնացած դիակները դուրս բերելու համար: