«Էրմէնի հապեր».-Շուէտի մէջ գրանցուած «Nordic monitor» կայքը հրապարակած էր յօդուած մը, ուր Թուրքիան Հայաստանի դէմ ռազմաօդային գործողութիւններու ծրագիր  մշակած է, որ կը կրէ «ALTAY» ծածկագիրը:

Շուէտի մէջ գործող այս կայքը կը համակարգեն թուրք լրագրողները: Անոնք բոլորն ալ կը համարուին «ֆեթուլլահական ահաբեկչական կազմակերպութեան» (FETճ) անդամներ:

Թրքական իշխանամէտ մամուլն անդրադարձած է այդ հրապարակումին` նշեալ տեղեկութիւնները հրապարակող լրագրողներուն անուանելով դաւաճաններ, որոնք կը մատնեն Թուրքիան եւ կը գործեն պետական շահին դէմ:

Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, որ իշխանական մամուլը ոչ թէ կը հերքէ «ALTAY» ծածկանունով Հայաստանի դէմ ռազմական արշաւի ծրագիրի առկայութիւնը եւ կասկածի տակ կ’առնէ նման ծրագիրի գոյութիւնը ընդհանրապէս, այլ հրապարակողները կը  մեղադրէ պետական դաւաճանութեան մէջ:

Թրքական մամուլը նոյնպէս կ’ընդգծէ այդ տեղեկութիւնը հրապարակողներուն` կիւլենական շարժման անդամ ըլլալու հանգամանքը եւ կ’անդրադառնայ Հայաստանի ու Յունաստանի արձագանքներուն:

Յունական մամուլի մէջ տեղ գտած մեկնաբանութիւններուն մէջ կան այնպիսի տեսակէտներ, որուն համաձայն` Սուրիայէն ետք չի բացառուիր, որ Թուրքիան հայեացքը ուղղէ դէպի Հայաստան: