«Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու նախարար Այման Ալ Սաֆատին:

Վարչապետը ողջունած է Յորդանանի ԱԳ նախարարի այցելութիւնը Հայաստան եւ յայտնած է, որ այն նոր ազդակ, ուժ պիտի  հաղորդէ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններուն: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է երկու ժողովուրդներու միջեւ առկայ պատմական յարաբերութիւններու փաստը եւ աւելցուցած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է Յորդանանի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու զարգացմամբ: Վարչապետը առանձնակիօրէն կարեւոր համարած  է տնտեսական կապերու խորացումն ու առանձին ճիւղերու մէջ, տեղեկատուական ճարտարագիտական, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան բնագաւառներէն ներս միատեղ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը:

Այման Ալ Սաֆատին շնորհակալութիւն  յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ աւելցուցած, որ իր երկիրը եւս կարեւոր կը համարաէ Հայաստանի հետ բազմոլորտ յարաբերութիւններու զարգացումն ու ընդլայնումը: Յորդանանի արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու նախարարը վստահութիւն  յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ունեցած արդիւնաւէտ հանդիպումներու հետեւանքով երկկողմ գործակցութեան նոր թափ պիտի հաղորդուի:

Փոխգործակցութեան խթանման համար զրուցակիցները կարեւոր համարած  են բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններու կազմակերպումը, փոխշահաւէտ հարցերու առարկայական քննարկումը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Այման Ալ Սաֆատին անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող թեմաներու, կարեւորած կայունութեան ու անվտանգութեան ապահովումը, հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորումը:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Յորդանանի կառավարութեան` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին հաւասարակշիռ դիրքորոշում ցուցաբերելուն համար: Նիկոլ Փաշինեան անթոյլատրելի  համարած է ԼՂ հակամարտութեան կրօնական բնոյթ հաղորդելը եւ տարբեր միջազգային հարթակներով ներկայացնելը:

Համաձայնելով վարչապետի դիտարկումին հետ` Յորդանանի արտաքին գործոց եւ արտագաղթեալներու նախարարը կարեւոր համարած է ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորումը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով: