«Ապառաժ».- 3 Դեկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան Երեւանի մէջ հանդիպում  ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ:

Պրատիսլաւիոյ ԵԱՀԿ 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու միջեւ 4 Դեկտեմբերին նախատեսուող հանդիպումին ընդառաջ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի մասին  շարք մը հարցեր:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը  անդրադարձ  կատարած են նաեւ 17-էն 21 Նոյեմբերին ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին գրասենեակին միջնորդութեամբ տեղի ունեցած Արցախի Հանրապետութենէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Ատրպէյճանէն լրագրողներու փոխայցելութիւններուն Նոյեմբերի արդիւնքներուն` կարեւոր համարելով հակամարտութեան կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղուած միջոցառումներու իրականացումը:

ԱԳՆ ղեկավարները քննարկած են Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու միջեւ շփման գիծին մէջ առկայ իրավիճակը` ընդգծելով հրադադարի վարչակարգի պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ շփման գիծին լարուածութեան հրահրման միտուած ատրպէյճանական կողմի փորձերու անթոյլատրելիութիւնը:

Երկուստեք ընդգծուած է Արցախի Հանրապետութեան ուղղակի եւ լիիրաւ մասնակցութեամբ բանակցութիւններու լիարժէք եռակողմ ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը` կարեւոր համարելով  խաղաղ կարգաւորման գործընթացի արդիւնաւէտութեան բարձրացումը:

Զրուցակիցները նաեւ միտքեր փոխանակած են երկու գերատեսչութիւններու միջեւ գործակցութեան օրակարգին վերաբերող  շարք մը հարցերու շուրջ:

ԱՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Տեղեկատուութեան բաժին