Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբերի առաւօտեան Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի հասաւ Կրաստնոտարի հայ գործարարներուն նուիրատուութեամբ Հալէպի հայ համայնքին ուղղուած մարդասիրական օժանդակութիւնը՝ 80 թոն ալիւրը:
Օժանդակութիւնը երէկ հասած էր Թարթուսի նաւահանգիստ, ապա ռուսական կողմին օժանդակութեամբ հասաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի՝ տեղւոյն հայ համայնքին եւ տեղացի ժողովուրդին բաշխուելու համար:
Օժանդակութիւնը ստանձնեց Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Հալէպի Գործադիր Մարմինը: Օժանդակութենէն մաս մը տրամադրուեցաւ նաեւ սուրիական Կարմիր Մահիկ Միջազգային Կազմակերպութեան, որպէսզի ան իր կարգին բաշխէ Հալէպի բնակչութեան բոլոր բաղադրիչներուն:
Այս առիթով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Կլաստնոտարի հայ գործարարներուն, ի մասնաւորի տիարք՝ Արման Ճուղուլեանին եւ Աշոտ Պապոյեանին, դիտել տալով որ հայութիւնը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ ալ յայտնուի, անքակտելի կապերով կապուած է: Այս կապը կը մղէ, որ մէկս միւսին զօրավիգ կանգնինք ու մեր միջեւ հաստատուած կամուրջները ամուր պահենք:
ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ տնտեսական անցուկ պայմաններուն մէջ մարդասիրական նման օժանդակութիւնը երախատիքով ընդունուեցաւ Հալէպի ժողովուրդին կողմէ:
ՀՀ Մարդասիրական խումբի Հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, իր կարգին յայտնեց, թէ Կլաստնոտարի հայ գործարարներուն այս ներդրումը մեր ժողովուրդին խաղաղասիրութեան ու մարդասիրութեան դրսեւորումն է:
Օժանդակութեան բաշխումը յառաչիկայ օրերուն պիտի կատարէ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Հալէպի Գործադիր Մարմինը: