ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին, Դեկտեմբեր 2ի երեկոյեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ մտաւորականներու հաւաք մը:

Վեհափառ հայրապետը նախ պարզեց ներկաներուն Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ դէմ կաթողիկոսարանի բացած դատին վերջին զարգացումները: Այս մասին անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Իրաւական յանձնախումբի անդամներէն դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Ապա վեհափառը, անդրադառնալով Սփիւռքի պարզած ներկայ կացութեան, յիշեցուց, որ կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպման աշխատանքը ընթացքի մէջ է: Միաժամանակ, ան շեշտեց ամբողջ Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման հրամայականը՝ ի խնդիր Հայաստանի, Արցախի եւ ազգային պահանջատիրութեան հզօրացման: Վեհափառը յայտնեց, որ այս գիծով ինք նախնական աշխատանքներու լծուած է:

Մտաւորականներու հաւաքին երրորդ նիւթը Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տնտեսական տագնապն էր, յատկապէս՝ անոր հետեւանքները Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս: Այս հարցին շուրջ կաթողիկոսին պարզած մտահոգութենէն ետք տեղի ունեցաւ տեսակէտներու փոխանակում ներկաներուն միջեւ: Հաւաքի աւարտին, վեհափառը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.

Ա. Լիբանանահայութիւնը, որպէս Սփիւռքի կարեւոր համայնքներէն մէկը, ինչպէս անցեալին, այսօ՛ր եւս առանցքային դեր ունի ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Սփիւռքի կեանքէն ներս: Հետեւաբար, կարելի բոլոր միջոցներով այս գաղութը պէտք է պահել զօրեղ ու աշխոյժ:

Բ. Լիբանանահայութիւնը եւս, բնականաբար, կը կրէ հետեւանքները Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական տագնապին: Հետեւաբար, մեր բոլորին առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է զանազան միջոցներով օժանդակութեան ձեռք երկարել մեր համայնքային կառոյցներուն ու ընտանիքներուն: Այս ծիրէն ներս հայրական կոչ կ՛ուղղենք.

– Լիբանանահայ գործարարներուն, որ ներկայ դժուար պայմաններուն գործէ չ՛արձակեն իրենց հայ աշխատաւորները: Այս ձեւով օժանդակած կ՛ըլլան անոնց ընտանիքներուն:

– Լիբանանահայ ունեւորներուն, որ մարդկային ու ազգային պարտականութիւն նկատեն ներկայ դժուար կացութեան մէջ օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն, մեր դպրոցներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն:

– Լիբանանահայ հոգեւոր, համայնքային, կուսակցական, կրթական, բարեսիրական ու ընկերային կառոյցներուն, հանդիպումներու ճամբով խորհրդակցելու ու հաւաքական մօտեցումներ ճշդելու մեր համայնքը յուզող ներկայ մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ:

– Մեր գաղութներուն, որոնք փոխանակ հեռուէն միայն դիտելու ու մտահոգուելու, նիւթապէս օժանդակեն Լիբանանի հայութեան կարիքներուն:

Վեհափառը աւարտին յայտարարեց.

Կաթողիկոսարանը հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի կը դնէ Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ, որպէս անմիջական օժանդակութիւն՝ յատկացուելու համար մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն:
«Արարատ», «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» թերթերուն կը յատկացնէ տասական միլիոն լիբանանեան ոսկի՝ առ ի գնահատանք ու զօրակցութիւն իրենց կատարած աշխատանքներուն: