Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տարրալուծարաններուն պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։
Բացման արարողութիւնը հովանաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան։
Սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Ճեմարանի Խնամակալութեան եւ Տնօրէնութեան կողմէ։ Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Քարիթաս Բոլանտ Հաստատութեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ․Վարչութեան ներկայացուցիչները, Ճեմարանի Շրջ․Միութեան Վարչութիւնն ու բարերար անդամները, ինչպէս նաեւ Ճեմարանի նախկին տնօրէն Վահէ Ղազարեան։
Բացման ժապաւէնին հատումէն ետք, ներկաները Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեանին եւ Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Պետրոսեանին առաջնորդութեամբ Համակարգիչներու սրահ, ուր տնօրէնը բացատրութիւն տուաւ համակարգիչի պահերուն շուրջ։
Ապա քիմիագիտութեան տարրալուծարան, որ Հալէպի հազուագիւտ տարրալուծարաններէն մէկը կը համարուի։
Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան բնագիտութեան տարրալուծարան, որ նորոգուած ու կահաւորուած էր Քարիթաս Բոլանտ Հաստատութեան նիւթական օժանդակութեամբ։
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Ճեմարանին պատերազմի տարիներուն հրթիռակոծումներուն եւ ռմբակոծումներուն հետեւանքով կրած վնասները, աշակերտներուն ձեռամբ կատարուած վարժարանի առաջին մաքրութիւնը Հալէպի ազատագրումէն ետք, ապա նաեւ վերանորոգութեան աշխատանքներուն ընթացքն ու վերաշխուժացումը։
Այս առիթով տնօրէնը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Քարիթաս Բոլանտ Հաստատութեան, տարրալուծարաններու նորոգութեան եւ կահաւորման իր նիւթական աջակցութեան համար, ՍՕԽ-ին համակարգիչներու ապահովման համար, ինչպէս նաեւ Շրջնաւարտից Միութեան, յատկապէս 1988-ի շրջանաւարտներուն նիւթական օժանդակութեան համար։ Տնօրէնը յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ Ճեմարանի Խնամակալութեան անդամներուն, որոնք աջալուրջ հետեւողականութեամբ հսկեցին վերանորոգութեան աշխատանքներուն։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Ճեմարանի Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Պետրոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր նուիրատուներուն եւ բացման արարողութեան մասնակցողներուն յայտնեց, որ այս փուլը Ճեմարանի վերանորոգութեան առաջին փուլն է, աշխատանքը պիտի շարունակուի։
Աւարտին ներկաները ուղղուեցան ՛՛Զարեհեան՛՛ սրահ, ուր այս առիթով խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն, ապա շնորհաւորելով ճեմարանականները դիտել տուաւ, որ վերանորոգման այս աշխատանքը երկու պատգամ կ՛ընդգրկէ, առաջինը ներքին-հայկական լսարանը իրազեկ դարձնելու նուիրատուութիւններու շնորհիւ հեզասահ ընթացող վերանորոգման աշխատանքներուն, հաւաքական աշխատանքով յաղթահարելու երկրին ու ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները, երկրորդը՝ արտաքին աշխարհին ցոյց տալու, որ Սուրիան կը վերականգնի եւ կը վերամրագրէ իր դերն ու դիրքը։
Աւարտելով իր խօսքը, սրբազան հայրը մաղթեց, որ Ճեմարանը միշտ հզօր մնայ, ապա օրհնելով կառոյցը՝ յարատեւ վերելք մաղթեց Ճեմարանին։