ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գեղամ Մուշեղեան. Yerkir.am-ի հետ զրոյցին յայտնեց, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ոչ միայն հոգեւոր, այլեւ նիւթական ժառանգութիւնը մեզի համար արժէք է, որուն պատշաճ խնամքը, արժեւորումն ու փոխանցումը սերունդներուն` բոլորիս պարտքն է: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Տաշիր-փիձա» սնունդի սպասարկման ցանցի տնօրէնութեան` իր նախաձեռնութեան ջերմօրէն արձագանգելու եւ «Տաշիր-փիձայի»` Հանրապետութեան 37 հասցէին գտնուող երեւանեան սրահներէն մէկուն «Տաշիր-փիձա» վերտառութեամբ ցուցատախտակը հանելու համար:
Յիշեցնենք` նշուած հասցէի շէնքը, ուր այժմ կը գտնուի «Տաշիր-փիձայի» սրահներէն մէկը, կը համարուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը խորհրդանշող նիւթական մշակոյթի նմուշներէն մէկը, ուր 1918-1920-ին տեղակայուած էր հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ նոյն պատշգամէն, որուն ներքեւ տարիներէ ի վեր կախուած էր «Տաշիր-փիձայի» ցուցանակը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեան ընթերցած է Անկախութեան հռչակագիրը` յայտարարելով Հայաստանի անկախութիւնը:
ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն, հանդէս գալով նշեալ ցուցատախտակը հանելու եւ բոլորովին այլ բովանդակութեամբ ցուցատախտակով փոխարինելու նախաձեռնութեամբ,2 Հոկտեմբեր 2019-ի թուագրումով նամակ ուղարկած էր «Տաշիր-փիձայի» տնօրէնութեան` խնդրելով հանել նշեալ ցուցանակը: Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Գ. Մուշեղեանի ստորագրութեամբ յիշեալ նամակին մէջ նաեւ առաջարկուած էր «Տաշիր-փիձայի» տնօրինութեան` նշեալ ցուցանակի փոխարէն հոն տեղադրել շէնքի ու պատշգամի պատմական արժէքը արտացոլող ցուցանակ կամ յայտարարութիւն:
«Երէկ մենք նոր նամակներով դիմած ենք եւ՛ «Տաշիր փիձայի» տնօրինութեան` յայտնելով շնորհակալութիւն, եւ՛ Երեւանի քաղաքապետին, որ կ’առաջարկենք` ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէին տալ թոյլտւություն, որպէսզի մենք Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին կառավարութեան շէնքին, ինչպէս նաեւ Արամ Մանուկեանի արձանին դիմաց սեփական միջոցներով տեղադրենք համապատասխան ցուցանակներ», դիտել տուած է Գ. Մուշեղեան:
ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահը նաեւ տարօրինակ կը համարէ այն փաստը, որ վերջին շրջանին որոշ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ հրճուալից գրառումներով յայտարարած են, որ նշեալ ցուցանակի հեռացումը կատարուած է սեփական քաղաքական ուժի նախաձեռնութեամբ:
«Եւ այսպիսի յայտարարութիւններու հեղինակները իշխանութեան ներկայացուցիչներն են, որոնց քաղաքական խումբի անդամները ամէն օր ոտնձգութիւններ կը կատարեն մեր ազգային արժէքներուն դէմ: Կրնա՞յ որեւէ մէկը հաւատալ, որ այլասերում քարոզող այմու իշխանութիւնները կրնային իրենց թոյլ տալ այնպիսի «Ճոխութիւն», ինչպէս Առաջին Հանրապետութեան խորհրդանիշ հանդիսացող նիւթական արժէքներու արժեւորումն է», զարմանքով իր խօսքը եզրափակեց Գ. Մուշեղեան: