Այսօր՝ 4 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի հերթական նիստը:

Նիստի ընթացքին որոշում գոյացած է, ի կատարումն ՀՅԴ Արցախի Շրջանային ժողովի որոշումին, 15 Դեկտեմբերին հրաւիրել ՀՅԴ Արցախի շրջանի արտակարգ Շրջանային ժողովը՝ 2020 թուականին Արցախի մէջ կայանալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու օրակարգով:

Հարկ կը համարենք նշել, որ Շրջանային ժողովը ՀՅԴ Արցախի կառոյցի բարձրագոյն ժողովն է, որուն կը մասնակցին Արցախի բոլոր շրջաններու ՀՅԴ ներկայացուցիչներ, ԱՀ Ազգային ժողովի մէջ ներկայացուած «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ ու կառավարման համակարգին մէջ ներառուած դաշնակցական գործիչներ: