ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով Քանատա ժամանած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան այցելեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Քարաքաշեանի:

Այցելութեան ընթացքին Սաղաթէլեան ծանօթացաւ դպրոցին բաժանմունքներուն, հայ լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան դասաւանդութեան ընթացքին եւ ծրագիրին, ինչպէս նաեւ դպրոցական ու արտադպրոցական ձեռնարկներուն, ապա հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն հետ, որոնց հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց: Ապա հանդիպեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեանի հետ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական մեծագոյն դպրոցը համարուող Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի տոմարին մէջ արձանագրեց իր տպաւորութիւնները: