Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Ուրբաթ, 29 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան Ժամը 6:00-ին ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Շանթի ծննդեան 150 -ամեակի յոբելինական հանդիսութիւնը:
Գրական այս հոգեպարար ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Հոգշ. Տէր Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամները, Հ.-ի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու գրասէր հանդիսականներ:
Հանդիսութիւնը Կþընդգրկէր գեղարուեստան յայտագիր։ Հանդիսավարներն էին Քրիստ Գարամանեան եւ Սեւան Տէիրմէնճեան:
Անոնք բարի գալուստի իրենց խօսքէն ետք ներկայացուցին ձեռնարկին յայտագիրը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետուհի Ռոզէթ Ապէճեան, որ անդրադառնալով Լեւոն Շանթի գրական եւ մշակութային գործունէութեան կարեւորութեան ըսաւ. «Սփիւռքը հունաւորող, մտաւորականութիւնը վերակենդանացնող, հայկական մշակոյթը պահպանող եւ տարածող այս փիլիսոփայ ռահվիրային անձնուէր ջանքերուն եւ մշակութային տեսիլքին իրականացմամբ է որ աշխարհի բոլոր ծայրամասերուն մէջ, աւելի քան 90 տարի գործեց եւ կը գործէ Համազգայինը: Առ այդ՝ որպէս երախտագիտական եւ յարգանքի արտայայտութիւն, Համազգայինի Հալէպի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, օժանդակութեամբ մասնաճիւղի Գրական, Երաժշտական եււ Պարարուեստի յանձնախումբերուն, կազմակերպեց Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը՝ ոգեկոչելու հայ մտաւորական ու Համազգայինի հիմնադիրը»:
Բացման խօսքէն ետք հանդիսավարները ընթերցեցին Լեւոն Շանթէն մտորումներ, ապա օրուան բանախօսին՝ տիկին Լալա Միսկարեան-Մինասեանի հակիրճ կենսագրականը ներկայացուցին:
Բանախօսը, վկայակոչելով Շանթի աշակերտներուն եւ ժամանակակիցներուն յուշերը, ներկայացուց Լեւոն Շանթ մարդն ու գրողը, մանկավարժն ու փիլիսոփան: Ապա մէջբերելով Շանթէն «վեր» եւ «Ես Պատրանքը Սիրեցի» քերթուածները դիտել տուաւ, որ Շանթ միշտ ձգտած է մտքով ու հոգիով բարձրանալ դէպի վեր, դէպի ոգեղէն զուլալ աշխարհ ու յաճախ այդ բարձունքին իսկ մէջ մինակ մնացած, աւելցնելով որ բարձրութեան մէջ առանձին մնալու միտքը մէկէ աւելի գրողներ լուսարձակի տակ առած են, որովհետեւ անոնք զերծ մնացած են մարդկային նեղ ու սահմանափակ տենչերէն ու թռիչք առած են դէպի աւելի լայն հորիզոններ: Ապա անդրադարձաւ Շանթի ազգային-քաղաքական գործունէութեան շեշտելով անոր մտքի ու հոգիի բիւրեղեայ մաքրութիւնն ու նուիրուածութիւնը:
Ունկնդիրը ծանօթացաւ նաեւ Շանթ մանկավարժին, տեսաբանին եւ նուիրեալ ուսուցիչին:
Ամփոփելով իր խօսքը բանախօսը սեղմ գիծերով բնութագրեց Շանթի ստեղծագործութեան արժէքը, դիտել տալով որ ան հայ գրականութիւնը հասցուցած է միջազգային մակարդակի:
Այնուհետեւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի երաժշտական յանձնախումբէն բժիշկ Պերճ Գասապեան ապրումով մեներգեց Լեւոն Շանթի երգի վերածուած միակ բանաստեղծութիւնը՝ «Անուշ Հովիկ»ը: Բանաստեղծութեան տպագրուած տողերը բաժնուեցան հանդիսատեսներուն:
Երգին յաջորդեց նրբաճաշակ պարային ներկայացում մը եւ ասմունք։
Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի անդամուհիներէն Անի Գրատեան եւ Մելինէ Պեզճեան յուզումնախառն ապրումներով ասմունքեցին Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերգութենէն քաղուած «Իջէք Երազներ» քերթուածը, որուն ընթացքին Համազգայինի «Շուշի» պարարուեստի դպրոցէն քանի մը աշակերտուհիներ, պարիկներու նման, դիւթիչ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, հեզաճկուն պար մը պարեցին։
Այնուհետեւ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Լեւոն Շանթի «Եսի Մարդը» թատերգութենէն պատկերներ, որուն կենդանի ներկայացումը Հալէպի մէջ վերջերս կատարած էին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորի անդամները։
Յայտագիրի աւարտին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Տէր Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան եւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետուհի Ռոզէթ Ապէճեան շնորհակալական ծաղկեփունջով եւ փոքր յուշանուէրով մը պատուեցին օրուան բանախօսը՝ տիկին Լալա Միսկարեան-Մինասեանը, որմէ ետք հայր սուրբը ներկաներուն փոխանցեց առաջնորդ Սրբազան հօր գնահատանքը եւ Լեւոն Շանթը համարեց «Դպրոց» մը, որուն պէտք է հետեւին նորահաս սերունդները՝ Շանթի գործերը ընթերցելով եւ ծանօթանալով անոր ստեղծագործութիւններուն:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Քրիստ Գարամանեան