Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հասիչէի մէջ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ թրքական բանակին ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ իրենց թշնամական ընթացքը կը շարունակեն հիւսիսարեւմտեան Հասիչէի բնակիչներուն նկատմամբ: Անոնք  Հասիչէի Ռաս ուլ Այնի Քաթուֆ գիւղէն երիտասարդներ կ’առեւանգեն եւ գիւղի լքուած բնակարանները կը թալանեն: