Մեր լեզուն հետզհետէ աւելի կ’ազդուի արեւելահայերէնէն, ինչ որ ըստ ինքեան այնքան ալ մտահոգիչ պիտի չնկատուէր,և յատկապէս  գոնէ իր անխուսափելի բնոյթին բերումով,և եթէ միշտ առողջ ըլլային այդ  ազդեցութիւնները. ահա ճիշդ այստեղ է որ պարտինք հնչեցնել ահազանգը, եթէ իրապէս լսող ունենանք:
Այս եւ հետագայ քանի մը յօդուածներով պիտի անդրադարձ կատարուի այս երեւոյթին «Արեւելաբանութիւններ» ընդհանուր խորագրին տակ:
* * *
1. «Թալ Ապիատ քաղաքի մօտակայքը ականապատ մեքենայ պայթած է, ինչի հետեւանքով  10 մարդ մահացած է, եւս 25 մարդ վիրաւորում ստացած է»:
Այս տեղեկութիւնը քաղած ենք արեւմտահայերէն առցանց  կայքէ մը, որ իր կարգին զայն ենթադրաբար  քաղած է  արեւելահայ աղբիւրէ մը՝ եւ նոյնութեամբ փոխանցած իր արեւմտահայ ընթերցողներուն:
Այս հատուածին մէջ մեզ կը հետաքրքրեն երկու արեւելաբանութիւններ, որոնք այսպէս անփութօրէն ու անխղճօրէն կը հրամցուին ընթերցողներուն, որոնց մեծ մասը ենթադրաբար արեւմտահայ է:
ա) Առաջինը ինչ դերանունն է, որ բնոյթով հարցական է, եւ ամէն հարցական դերանունի պէս միաժամանակ յարաբերական  ալ է: Այո, է՛, սակայն  ասոր կողքին  մեր բարբառը ունի իր առանձնայատկութիւնն ալ. արեւմտահայերէնը ինչ-ը  իբրեւ յարաբերական դերանուն կիրարկելու  սովորութիւն չունի՛, թող որ արեւելահայերն ալ իրենց ովսանն կը պայքարին այդ կիրարկութեան դէմ, առնուազն կը փորձեն սահմանափակել զայն: Սակայն ուշադիր ու սրտցաւ արեւելահայերու կողքին կը գտնենք նաեւ անփոյթ ու անզուսպ բարբարոսներ, որոնց հոգը անգամ չէ:  Ինչպէս հոգը չէ նաեւ արեւմտահայ լրագրողին, որ կուրօրէն ու մեքենաբար կ’ընդօրինակէ ու կը քշէ ընթերցողին առաջը:
Մինչդեռ պէտք եղածը որ   յարաբերական դերանունն է, չհաշուած տակաւին շարադասական անհարթութիւններն  ալ:
Ուրեմն՝ «Թալ Ապիատ քաղաքի մօտակայքը պայթած  է ականապատ մեքենայ մը, որու հետեւանքով   մահացած է տասը հոգի»:
բ) Յաջորդ արեւելաբանութիւնը, արեւելահայ տգէտ  լրագրողներու յերիւրած վիրաւորում բառն է, որ իր կարգին հալած իւղի պէս կուլ տրուած է արեւմտահայ  ամենագէտ լրագրողին կողմէ:
Երբ փորձանք մը, օրինակ՝ պայթում մը կամ արկած մը,  պատահի, մարդիկ, իմա՝ զոհերը, վիրաւորում չէ որ կը ստանան, այլ վէրք կը ստանան:
Վիրաւորում-ը արարք մըն է, ինչպէս՝ կառուցումը, թուլացումը, յիշատակումը, մոռացումը եւ բոլոր ում ածանցը կրող բայանունները, որոնք գործողութիւն ցոյց կու տան եւ ո՛չ թէ գործողութեան արդիւնքը:  Մինչդեռ վէրք-ը՝ գործողութեան մը  արդիւնքն է, այս պարագային՝  հետեւանքը: Եւ ստացուածը ա՛յս է: Պայթումը, արկածը  վէրք կը յառաջացնեն եւ ոչ թէ վիրաւորում:
Վիրաւորում ստանալ-ը կեղծ, յերիւրածոյ, բռնազբօսիկ մտածողութիւն մըն է, որ հայերէն չէ, հայեցի  դրոշմ ալ  չունի, եւ Աստուած գիտէ, թէ ո՛ր եօթնօտար լեզուին յատուկ կառոյց մըն է, որ այսպէս  բռնազբօսաբար, աններելի ծեքծեքումով մը բերուած ու  պատուաստուած է արեւելահայերէնին, իսկ անկէ ալ՝ արեւմտահայերէնին:
Եւ այսպիսիները հետզհետէ կը բազմանան արեւմտահայ  մամուլին մէջ՝ ճնշիչ դառնալու աստիճան:
Ուրեմն պարտինք սկզբնական մէջբերումը շարադրել սա՛պէս.
 «Թալ Ապիատ քաղաքի մօտակայքը պայթած  է ականապատ մեքենայ մը, որու հետեւանքով մահացած է տասը հոգի, իսկ տասը ուրիշներ ալ վէրք ստացած են»:
Ինքս պիտի նախընտրէի ըսել՝ «…տասը ուրիշներ ալ վիրաւորուած են»:
2. «Որոշները իսկոյն  համաձայն գտնուեցան այդ առաջարկին»:
Այս ոճը՝ որոշները, որ ահա քանի մը տարի է ի վեր մուտք գործած է  արւեւելահայերէնի մէջ, սոսկումով սկսեր էինք դիտել, երբ արդէն ան հեզասահ, բայց շատ ինքնավստահ քայլերով մուտք գործեց արեւմտահայ բարքերու մէջ, յատկապէս պոլսահայ թերթերու դռներէն, ուր ան իրարու ձեռքէ կը խլուի օրնիբուն:
Ինծի ծանօթ լեզուներէն ֆրանսերէնի յատուկ certains բառն է այս,և որ դերանուանական յատկութիւն ալ կը ցուցաբերէ,և սակայն անշուշտ չեմ բացառեր, որ ան գտնուի նաեւ ուրիշ՝ արեւելահայուն մատչելի լեզուներու մէջ, ուրկէ ալ ստրկամտաբար ընդօրինակուած ու մուծուած է Ռաֆֆիի, Զօրեանի, Սեւակի վճիտ լեզուին մէջ, ուր ան գոյութիւն չունէր մօտիկ անցեալին:
Հայերէնը պատմականօրէն ու հանրօրէն այս հասկացութեան յատկացուցած է ոմանք դերանունը, ուրեմն՝ «Ոմանք իսկոյն համաձայն գտնուեցան…»:
* * *
Այս բոլորին մէջ պէտք չէ հակաարեւելահայ ձգտումներ տեսնել, քա՛ւ լիցի:
Վերջին բանն է այդ, որ կրնանք երբեւիցէ անցընել մեր միտքէն:
Երբեք պիտի չհակառակէինք, որ արեւմտահայերէնը հարստանար ի հաշիւ արեւելահայերէնի լեզուական ազնիւ տարրերուն, յատկապէս անո՛նց, որոնց համարժէքը չունի մեր բարբառը: Մեր թիրախը այն օտարամուտ աղբն է, որ կ’ապականէ նա՛խ արեւելահայերէնը եւ անկէ ալ աժան ու հեշտ կ’արտածուի արեւմտահայերէնին, ուր ընդհանրապէս կը յաջողի գտնել զինք գրկաբաց ընդունողներ՝ իբրեւ լեզուական նորագոյն ու ընտրելագոյն նորաբանութիւն: