ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՏՈՒՆԴԱՐՁԸ

   Վարուժան Պելճիքայէն Երկիր վերադարձաւ 1909 Յուլիսին։

   Արդէն տարի մը առաջ հռչակուած էր Օսմանեան Սահմանադրութիւնը եւ անոր իբրեւ հետեւանք՝ ազատութեան հովեր կը փչէին Վոսփորի ափերէն մինչե՜ւ գաւառի խուլ անկիւնները…։

   Այդ օրերուն Վարուժան չուզեց Պոլիս մնալ։ Շիտա՛կ իր ծննդավայր գիւղը գնաց՝ տասներեք տարուան կարօտը առնելու։ Կարօտցած էր իր ընտանիքը, կարօտցած էր իր մանկութեան յիշատակները, կարօտցած էր ամբողջ գիւղը։ Գիտէր, որ զինք կարօտով սպասող մայր մը ունի այնտեղ (յիշել՝ իր «Կարօտի նամակ»-ը), ու տակաւին՝ հո՛ն էր հայրն ալ, որ կարճ ժամանակ առաջ պանդխտութենէ տուն դարձեր էր իրեն նման։

   Այս հասկնալի կարօտներու կողքին, զինք դէպի գաւառ քաշող երկրորդ ուժ մըն ալ կար,– հայրենի հողը։ Առիթով մը գրած էր արդէն.«Անպատճառ ամբողջ Հայաստանը պէտք է տեսնել։ Կ’ուզեմ համբուրել այն տեղերը՝ ուր նահատակ մը ինկաւ կամ հերոս մը կոխեց։ Մենք այնքան մեծ ենք, որքան որ հողէն կը խմենք մեր զգացումները»։

   Բայց եւրոպական համալսարանական վկայականով զինուած այս երիտասարդը ի՞նչ պիտի ընէր Բրգնիկի մէջ։

   Անշուշտ որ գիւղը արժանապատիւ գործի ո՛չ մէկ հնարաւորութիւն կամ հեռանկար կրնար տալ իրեն։ Բայց կար Սեբաստիան, նահանգին կեդրոնը, որ ոտքով մէկ ժամ հեռու էր Բրգնիկէն։ Ուստի, Վարուժան, նոյն տարուան աշնան, ուսուցչական պաշտօնի կոչուեցաւ Սեբաստիոյ Ազգ. Արամեան երկսեռ վարժարանը, ուր պիտի դասաւանդէր հայերէն եւ ֆրանսերէն։

   Համեստ սենեակ մը վարձեց քաղաքին մէջ ու դարձաւ…«վարժապետ»։

   Կրնայ արհամարհական թուիլ իմ վերջին բառը, սակայն արդարութիւնը կը պահանջէ շեշտել, որ Վարուժանի նման ընտիր համալսարանական մը, մանաւանդ բազմակողմանի զարգացումի տէր մտաւորական մը, գաւառէն դուրս՝ բարենպաստ այլ պայմաններու մէջ, բարձրագոյն պաշտօններո՛ւ արժանի էր։ Եթէ ան հայածին չըլլար, ու ըսենք՝ եւրոպական ծնունդ ունենար, Կանտէն բերած իր վկայականով (Licencie՛ en sciences politiques) ու մշակութային իր լայն պաշարով ամենայն դիւրութեամբ ՓԱՅԼՈՒՆ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ՄԸ կրնար դառնալ՝ դեսպանի կամ հիւպատոսի կոչումով…։

   Բայց գաւառը զինք վերածեց խոնարհ ուսուցիչի մը…5 օսմանեան ոսկի նկուն ամսականով։ Ի՛նք ալ շուտով պիտի անդրադառնար, թէ ասիկա «գործ մըն է՝ որ ապագայ չունի։ Բայցեղիցի կամք Հայրենեաց» (բառերը իրն են)։

   Արամեան վարժարանի աշակերտներէն Առաքել Պատրիկ, որ Վարուժանի մասին լման գիրք մը գրեց ու հրատարակեց 1965-ին, այնտեղ պատմած է առատ ու ընդարձակ յուշեր՝ իր սիրելի ուսուցչին դպրոցական այդ տարիներէն։

   Առաքել Պատրիկ կը պատմէ որ օր մը, ամրան արձակուրդին, քանի մը ընկերներով որոշեցին Վարուժանի տունը երթալ, Բրգնիկ գիւղը։

   Գիւղին մօտակայքը, տղաքը պահ մը կանգ առին ճի՛շդ այն գետին եզերքը, որուն ակնարկած էր Վարուժան՝ Թէոդիկի Տարեցոյցին մէջ տպուած իր ինքնակենսագրութեան մէջ («մանկութիւնս աճած է գետեզերքներուն վրայ բադերուն քար նետելով անառակօրէն»)։

   Երբ հոն հասան, ի՛սկապէս տեսան բադեր՝ որոնք, հաւանաբար այս անծանօթ այցելուներէն վախնալով, արագ թեւաբախումներով գետ կը նետուէին…։

   Տղոցմէ մէկը՝ Խորէնը, ձայն տուաւ խումբի իր ընկերներէն Տիգրանին.«Տիգրա՜ն, քար մըն ալ դո՛ւն նետէ սա բադերուն, գուցէ օր մը դուն ալ Վարուժան դառնաս»։

   Յետոյ գիւղ մտան, հիւրասիրուեցան Վարուժանի կողմէ։ Բարձրացան նաեւ անոր տան վերնայարկը, դիտեցին գրադարանը՝ որ լեցուն էր հայերէն, իտալերէն, ֆրանսերէն հատորներով։ Վարուժան իրենց ընթերցեց Տանդէի քերթուածներէն հատուած մը՝ իտալերէն բնագրով, յետոյ ըսաւ.«Կ’անդրադառնա՞ք իտալերէն լեզուին գեղեցկութեան։ Օ՜, իտալերէնը ե՜րգ է, ե՜րգ»։

   Մինչ կը պաշտօնավարէր ի Սեբաստիա, Պոլսոյ մէջ 1910-ին լոյս տեսաւ Վարուժանի «Ցեղին սիրտը» հատորը, որուն ակնարկեցինք արդէն։

   Այդ նոյն տարին, 1910-ին, Վարուժան ամուսնացաւ (26 տարեկան էր), իր կեանքը կապելով սեբաստաբնակ հայուհիի մը՝ Արաքսի Թաշճեանին։ Այս միասնութիւնը դիւրին չեղաւ սակայն։ Մինչեւ որ սիրահար զոյգը արժանանար Ս. Պսակի խորհուրդին՝ ան վեց ամիս ապրեցաւ սրտմաշուք ու սրտմտանք պատճառող վիպային անցուդարձերու բազմագոյն ոդիսական մը։

   Ի՞նչ էր պատահածը։ Պատմե՛նք.–

   Ըսինք, թէ Վարուժան կը  պաշտօնավարէր Սեբաստիոյ Ազգ. Արամեան վարժարանը։ Ան, միաժամանակ, հայերէնի մասնաւոր դասեր սկսաւ տալ պարմանուհիի մը՝ Արաքսի Թաշճեանին։

   Արաքսին, ըստ տեղական հնամենի բարքերուն, օրօրոցէն նշանուած էր սեբաստահայ հարուստ ընտանիքի մը զաւկին հետ։ Այդ իսկ պատճառով՝ ան իր ուսուցչին տունը կու գար մօրը ուղեկցութեամբ, բամբասանքի առիթ չստեղծելու համար Սեբաստիոյ խիստ պահպանողական հայ միջավայրին մէջ։

   Եւ սակայն, պատահեցաւ անխուսափելին։ Ուսուցիչն ու պարմանի աշակերտուհին մէկզմէկու սիրահարուեցան խենթերու պէս…։

   «Գայթակղալի» լուրը թաղէ-թաղ տարածուեցաւ Սեբաստիոյ մէջ։

   Արաքսիին դասերը դադրեցուեցան, անոր ծնողքը շարժման անցաւ՝ փութով կատարելու համար աղջկան պսակը իր խօսեցեալին հետ…։

   Բայց Արաքսիին նախընտրութիւնը ա՛յլ էր։ Ան յամառօրէն կը մերժէր հարս երթալ իր հարուստ նշանածին տունը…։ Ատոր փոխարէն՝ կը նախընտրէր «վարժապետ» Վարուժանը։

   Այս հարցը սեբաստացիներու գլխաւոր օրակարգը դարձաւ պահ մը։ Սեբաստացիք երկու ճակատի բաժնուեցան. ոմանք պաշտպանեցին Վարուժանը եւ ուզեցին որ յաղթանակէ ՍԷՐԸ, ուրիշներ՝ ամօթեցին զինք, իր աշակերտուհին գլխէ հանած ըլլալու մեղադրանքով։ Այս ամբողջ թոհուբոհին մէջ՝ երկու սիրահարները կը նամակցէին գաղտնօրէն, կը սրտապնդէին զիրար։ Անգամ մը, Վարուժանի կողմնակիցները նոյնիսկ առաջարկեցին իրեն՝ գիշերով փախցնել Արաքսին իր հօր տունէն. սակայն Դանիէլ կտրականապէս մերժեց այդպիսի բռնարարք մը։

   Ի վերջոյ, հարցին միջամտեցին վաղեմի հայդուկապետ Սեբաստացի Մուրատն ու թեմակալ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Գուշակեանը, որոնք կրցան տարհամոզել Թաշճեան ընտանիքը՝ որպէսզի իրենց դուստրը ամուսնանար Վարուժանի հետ (ի դէպ, Վարուժանի համար՝ Սեբաստացի Մուրատը սովորական հայդուկ մը չէր, այլ պատմութեան խորերէն մե՛ր օրերուն ղրկուած իսկական դիւցազուն մը։ «Հեթանոս երգեր»-ուն մէջ բանաստեղծը Մուրատին եւ անոր կայծակնավազ ձիուն նուիրած է «Բեգաս» գեղեցիկ ու ընդարձակ բանաստեղծութիւնը)։

   Եւ այսպէս, իրականացա՜ւ պսակը։ Ս. Խորանի առջեւ կանգնեցան Դանիէլն ու Արաքսին, 15 Օգոստոս 1910-ին։ Վարուժանի տնակը բոյրով ու լոյսով լեցուեցաւ.

Տնակս բոյրո՜վ լեցուեցաւ,

Զի ծոթրիններ ծորեցան

Պատմուճանին քղանցքէն,

Զի արեւով օծուած ոսկի մազերէն

Բուրեան մեղրեր ծորեցան.

Եւ բիբերէն՝ մարգրիտներու պէս փաղփուն՝

Թափթփեցան ասուպներ.

Տնակս լոյսո՜վ լեցուեցաւ։

                                       («Գրգանք»)

 

   Այդ շրջանին Սեբաստիոյ մէջ հրատարակուիլ սկսող «Հողդար»  շաբաթաթերթին Ա. թիւը (27 Հոկտեմբեր 1910) արձագանգեց պսակադրութեան լուրին՝ «Անզուգական Վարուժան Ամուսնացած» խորագրով։ Թերթին տեսակէտով՝ այս ամուսնութիւնը «զոյգ մը մեծ հատուածներու մերձեցման նախաշաւիղ մը»ն էր, քանզի հարսը լուսաւորչական էր, իսկ փեսան կը պատկանէր կաթողիկէ դաւանանքին…։

   Վարուժան ընտանիք կազմեց եւ յաջորդաբար ունեցաւ երեք զաւակներ՝ Վերոնիք, Հայկ եւ Արմէն։

*

   Վարուժան շատ գոհ չէր գաւառի իր միջավայրէն։ Կը գիտակցէր անշուշտ, որ այս միջավայրը ապերախտ է գրականութեան հանդէպ։ Գաւառական հորիզոնը, առհասարակ, նեղ կու գար այլեւս իր մտքի թեւածումներուն։ Յետոյ, շահութաբեր ասպարէզ ալ չկար իրեն համար, մինչ ինք արդէն ունէր ընտանեկան հոգեր ու պատասխանատուութիւններ։ Նիւթական անձկութիւնը կը նեղէր զինք։ Հակառակ այս տրտունջքին, ան շրջան մը եւս տնտնաց գաւառի մէջ։ 1911-ի աշնան ընտանեօք տեղափոխուեցաւ Թոքատ (Եւդոկիա), իբրեւ տեղւոյն Ազգ. Ճեմարանի ուսուցիչ։ Այս տեղափոխութիւնը իրականացաւ հրաւէրովը տեղւոյն նորընտիր առաջնորդ՝ արմաշական Շաւարշ ծ. վրդ. Սահակեանի (իրեն նման՝ հետագային Մեծ Եղեռնի նահատակ), որ կ’ուզէր զարկ տալ իր թեմին կրթական կեանքին։ Վարուժան այստեղ մնաց լոկ տարի մը։

   Ահա այսպէս, Վարուժան ընդամէնը երեք տարի գաւառ մնաց, զբաղելով ուսուցչութեամբ։

   Հարցումը անտեղի չէ բնաւ.

   –Ի՞նչ տուաւ գաւառը իրեն։

   Երեք բան։

   ա) Նոր ներշնչումներ։ Գաւառը իր հոգին բացաւ նո՛ր տեսիլքներու։ Ինք գիւղի ծնունդ էր, եւ իր մանկութեան անջինջ տպաւորութիւնները վերաթարմացան. իր բանաստեղծ հոգին հողին ընդերքին մէջ սկսաւ տեսնել ու գտնել նո՛ր գեղեցկութիւններ։ Պահ մը մոռցաւ քաղաքի կեանքը, անձնատուր եղաւ բնութեան, պեղեց անոր գաղտնիքները…։ Այս շրջանին է որ ճանչցաւ հողին ու աշխատանքին գեղեցկութիւնը, հոգին ողողեց նո՛ր խորհուրդներով, եւ այդ բոլորով՝ ստեղծեց իր «Հացին Երգը»։

   բ) Կեանքի ընկեր մը՝ Արաքսին։

   գ) Երկու սիրասուն զաւակներ (երրորդը պիտի ծնէր իր սպանութենէն ետք…)։

Լեւոն Շառոյեան
(Շարունակելի – 5)