«Ազատ Օր».-Հայաստանի հետ խորհրդարանական կապերու զարգացման ծիրէն ներս, Յունաստանի խորհրդարանին մէջ կազմուեցաւ Յունաստան-Հայաստան բարեկամութեան խումբը։ Անոր նախագահն է երեսփոխան Տիմիթրիս Մարքուբու
լոս (Նէա Տիմոքրաթիա), փոխնախագահ Իրինի Քասիմաթի (Սիրիզա) եւ քարտուղար Քրիթոն Իլիաս Արսենիս (Մերա25)։ Անդամներ են՝ Սթաւրոս Արախովիթիս, Էմանուիլ Թրափսանիոթիս եւ Ռալիա Խրիսթիտու՝ բոլորն ալ Սիրիզայի խմբակցութենէն։
Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբերին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ -Չարչօղլեանի եւ խմբակցութեան դիւանին միջեւ հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուած է երկու երկիրներու խորհրդարաններու միջեւ գործակցութեան ոլորտը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յաձնախումբը կապի մէջ մտնելով խմբակցութեան նախագահին հետ, շնորհաւորած է բարեկամութեան խումբի կազմութիւնը։ Քննուած են զանազան ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները։ Նշենք, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ եւս կազմուած է Հայաստան Յունաստան բարեկամութեան խումբ։ Անիկա կը բաղկանայ 27 պատգամաւորներէ եւ նախագահն է Մխիթար Հայրապետեան։