Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ամանորեայ ցուցահանդէս վաճառքի բացումը, մասնակցութեամբ ՍՕ Խաչի Ձեռարուեստի, Աշխատանոցի եւ «Փեթակ» Խոհանոցի յանձնախումբերուն:
Բացումը կատարեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը եւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Սեդա Տէր Աբրահամեան-Կէրկէրեանը:
Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Հուրի Ապահունի-Պօշկէզէնեան, Պատկան մարմնի ներկայացուցիչ, Հոգշ. Տէր Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան, ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան, Շրջ. յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ:
ՍՕ Խաչի քայլերգի երգեցողութենէ ետք Բացման Խօսքով Հանդէս եկաւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի տիկին Սեդա Տէր Աբրահամեան-Կէրկէրեան: Ան նկատել տուաւ, որ տարիներու աւանդութիւն դարձած այս ցուցահանդէսը հայկական ասեղնագործութիւնը ծանօթացնելու կողքին ունի նաեւ հայ կնոջ գործ հայթայթելու նպատակ: Ապա անդրադարձաւ Արեւմտահայաստանի գաւառներուն մէջ հայկական իւրայատուկ ոճ եւ զարդանկարային բովանդակութիւն ունեցող ասեղնագործութեան զարգացման հոլովոյթին:
Այնուհետեւ տիկին Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան ներկայացուց Ուրֆայի եւ Տիգրանակերտի գործերուն իւրայատկութիւնները, դիտել տալով, որ հայկական ասեղնագործութիւնը հին է այնքան, որքան հայ ժողովուրդին պատմութիւնը եւ դարերու ընթացքին անցնելով բազմաթիւ ճանապարհներէ եւ կրելով ազդեցութիւնը ժամանակներու նորութիւններուն կատարելագործուած ու հասած է մինչեւ մեր օրերը, պահպանելով ազգային ինքնատպութիւնը եւ առանձնայատկութիւնը: Տիգրանակերտի տոհմիկ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները ներկայացուց տիկին Մարինա Սագայեան-Թիւֆէնքճեան, որ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց Տիգրանակերտի բառբառով մէջբերումներ կատարելով:
Աւարտին խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդը, որ կարեւոր համարեց հայկական ասեղնագործութեան պահպանումն ու տարածումը եւ բարձրօրէն գնահատեց խաչուհիները, որոնք կը պահպանեն հայկական աւանդոյթները եւ տարբեր առիթներով կը ներկայացնեն զայն մեր ժողովուրդին: Գերշ. Տէր Մասիս ըսաւ, որ ազգ մը կը գոյատեւէ իր արժէքներով եւ մշակոյթով, ուստի ՍՕ Խաչը այս ցուցահանդէսով կը պահպանէ հայ կնոջ ստեղծագործ մտքին եւ ճարտար ձեռքին հմտութեամբ ստեղծուած արուեստը:
Սրբազան հայրը նոր տարուան շեմին յաջողութիւն մաղթեց ՍՕ Խաչի ծրագրած բոլոր ձեռնարկներուն եւ բարի ամանոր մաղթեց բոլորին:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան հայկական ասեղնագործութենէն օրինակեր, որոնք յատուկ էին Ուրֆայի, Տիգրանակերտի, Այնթէպի, Մարաշի, Քիլիսի, Սվազի եւ այլ գաւառներու, ինչպէս նաեւ Կաղանդի յատուկ ծածկոցներ, անձեռոցներ, զարդեղէններ եւ «Փեթակ» խոհանոցի պատրաստած հայկական ուտեստներու ճոխ տեսականին:
Ցուցահանդէսը ներկայացուած էր ճաշակաւոր եւ բծախնդիր յարդարումով:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսըզեան