ՀՅԴ Պելճիքայի Երիտասարդական Միութեան անդամ Գարոլ Արիսիան Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակութային եւ Մարմնակրթական Նախարարութեան շէնքին մօտ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամներուն հանդէպ ոստիկանութեան կիրառած անհամաչափ ուժին յայտնեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի ազատութիւն ունի` իր գաղափարը յայտնելու, եւ եթէ ոստիկանութիւնը ուժի ձեւով վարուի այլեւս ազատութիւն չի մնար:
Գարոլ Արիսիան մատնանշեց, որ աջակից են ՀՅԴ ՀԵՄ անդամներու բոլոր որոշումներուն` «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» օրինագիծի շուրջ ծաւալած հարցադրումներուն ու ներկայացուող պահանջին: Արդէն երեք տարի է ՀՅԴ Պելճիքայի երիտասարդական միութեան անդամ է եւ Երեւան` խորհրդաժողովի եկած է ներկայացնելու իր միութեան գործունէութիւնը:
Գարոլ Արիսիան դիտել տուաւ, որ թէեւ իրենք Պելճիքայի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն, բայց կապը միշտ կը պահուի ՀՅԴ ՀԵՄ-ի հետ. «Մենք կը բաժնեկցինք մեր որոշումներով եւ կը լսենք իրենց կարծիքը: Այսօր խումբի մէջ դաստիարակչական թեմա քննարկեցինք` ինչպէս պէտք է ըլլայ ՀՅԴ երիտասարդը», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ 18 երկիրներէն Հայաստան ժամանած են ՀՅԴ Երիտասարադական Միութեան 55 անդամներ մասնակցելու խորհրդաժողովին, ուր պիտի քննարկուին միութիւններու ռազմավարական, դաստիարակչական, կազմակերպչական, քարոզչական, արտաքին յարաբերական եւ այլ ոլորտներու աշխատանքներու նախագիծերը:

Նարա Մարտիրոսեան