Ներկայիս ըսի-ըսաւը շատ տարածուած է, մանաւանդ կիներուն մօտ:
Տիկ. Ծաղիկ սովորութիւն ըրած է ամէն առտու իր մօտ հաւաքել թաղի կիները՝ նոր նոր լուրեր ստանալու:
Առտու է: Տիկ. Ծաղիկի դուռը կը զարնուի: Ան դուռը կը բանայ, եկողը տիկ. Մարին է, դրացին:
– Բարի՛ եկար, Մարի՛:
– Ի՛նչ բարի, ի՛նչ բան:
– Բարին ըլլայ, ի՞նչ պատահած է:
– Վա՜յ, նախ ներս մտնեմ, հիմա կ’ըսեմ:
– Հրամմէ՜:
– Երէկ գիշեր մեր դրացիին աղջիկը գիշերուան ժամը մէկին տուն վերադարձաւ: Աչքովս տեսայ: Աստուած գիտէ, թէ ուր գացեր էր:
– Ամմա՜, իրա՞ւ կ’ըսես: Ի՜նչ խայտառակութիւն: Իրաւ, աղջկան ծնողքն է անշնորհք:
– Գիտե՞ս Ծաղիկ, երէկ գիշեր չկրցայ հանգիստ քնանալ: Կը մտածէի, թէ ո՛ւր գացած կրնար ըլլար:
– Աստուած գիտէ:
– Լա՜ւ: Դուն ի՞նչ նորութիւն ունիս:
– Երէկ լսեցի, որ Վարսիկին տղան պիտի նշանուի:
– Ի՞նչ ըսիր, պիտ նշանուի՞:
– Այո՛:
– Վա՛յ, ո՞վ է այդ անբախտ աղջիկը:
– Այսօր կը փորձեմ իմանալ եւ անպայման քեզի կը հեռաձայնեմ:
– Գիտե՞ս ինչ, եկո՛ւր կանչենք Սիրունը, տեսնենք  ինչ նոր լուրեր ունի:
Տիկ. Մարին շատ արագ կը հեռաձայնէ Սիրունին, որ շատ չանցած կը միանայ երկու կիներուն:
Տիկ. Ծաղիկ դիմելով Սիրունին.
– Երկու օր եղաւ ո՛չ երեւցար, ոչ ալ հարցուցիր, մտահոգուեցանք: Ի՞նչ են լուրերդ:
Տիկ. Սիրուն կը պատասխանէ.
– Եղաւ երկու օր անհանգիստ էի, անկողինն էի: Դժբախտաբար նորութիւն չունիմ: Բան մըն ալ լսած չեմ, ոչ ալ տեսած:
Տիկ. Մարին՝ Սիրունին.
– է՛հ, մենք ալ ըսինք, նոր լուրեր կ’ունենաս: Ափսո՜ս:
Աստղիկ Դանիէլեան
ԺԱ. կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան