Նոր Տարին 1 Յունուարին տօնելու սովորոյթը հաստատուած է Յուլիոս կեսարի կողմէ: ԺԶ. դարուն ամբողջ եւրոպական աշխարհը ընդունած է 1 Յունուարը որպէս Նոր Տարի: Իսկ հեթանոս հայութեան մօտ, Նաւասարդը՝ Նոր Տարին կը զուգադիպէր Օգոստոս ամսուան սկիզբը, տօնախմբութիւնը կը կատարուէր Բագրեւանդ գաւառին մէջ,Անահիտի եւ Արամազդի կիսանդրիներուն շուրջ:
Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք,1650-ական թուականին հայութիւնը սովորութիւն դարձուց 1 Յունուարը որպէս Նոր Տարի տօնելը:
Նոր Տարուան օրը, մանկանալու ցանկութիւն կը ծնի մարդոց մէջ: Մանկանալ՝ զգացումներով, բարի գործերով, ներողամտութեան ոգիով, շրջապատին եւ մարդկութեան հետ եղբայրանալու օրինակով: Ապրած տարուան հաշուեփակն ալ կը կատարեն յաճախ:
301-ին Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս պետական կրօնք ընդունուեցաւ: Բայց այդ թուականէն առաջ քրիստոնեաներ կային Հայաստանի մէջ եւ առաքեալներ քրիստոնէութիւնը կը քարոզէին արդէն: Պատմութիւնը արձանագրած է բազմաթիւ մարտիրոսներ՝ Իշխանուհի Ս.Սանդուխտ, Արքայական իշխանուհի Զարմանդուխտ Տիրուհի, Ս.Սամուէլ, Ս.Հռիփսիմէ, Ս.Գայանէ եւ Ս.Շողակաթ:
Ասոնց կողքին մարտիրոսացան Ս. Բարթողոմէոս եւ Ս.Թադէոս առաքեալները:
Այս մարտիրոսները կը փաստեն, որ քրիստոնէութիւնը գոյութիւն ունեցած է 301 թուականէն առաջ:
301 թուականին Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչի ջանքերով Հայաստան դարձաւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը:
303 թուականին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նախկին հեթանոսական տաճարին տեղ Էջմիածինի տաճարը կառուցեց:
Հայ առաքելական եկեղեցին Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը եւ Յայտնութիւնը կը տօնէ 6 Յունուարին, հաւատարիմ մնալով իր աւանդութեան:
Հանրագիտական տեղեկանքի համաձայն, 200 թուականին, Կղեմէս Աղեքսանդրիացին յայտնագործեց, որ Մարիամ Աստուածածինը յղացած էր Մարտ 25-ին եւ, հետեւաբար, Յիսուսի բնախօսական ծննդեան թուական ճշդեց Դեկտեմբերի 25-ը: Իսկ Յունուար 6-ը նշանակեց իբրեւ Քրիստոսի մկրտութեան օրը:
Բայց այդ օրերու քրիստոնեաներու մեծ մասին հետ, հայ ժողովուրդը եւս չընդունեց Յիսուսի ծնունդն ու մկրտութիւնը իրարմէ անջատ թուականներու տօնելու գաղափարը եւ, փոխարէնը, մինչեւ 5-րդ դար, հին աշխարհի քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը Յունուար 6-ին տօնեց Սուրբ Ծնունդը՝ միացնելով Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան տօները:
Հնագոյն արձանագրութեանց համաձայն՝ Սուրբ Ծնունդի առաջին տօնակատարութիւնը տեղի ունեցած է 336 թուականի Դեկտեմբեր 25-ին, Հռոմի մէջ: Իսկ Քրիստոնէական առաջին պաշտօնական տօնը արձանագրուած է Յունուար 6-ին, 361 թուականին եւ եղած է Աստուածայայտնութեան (Epiphany) տօնը:
451 թուականին, Քաղկեդոնի մէջ գումարուած քրիստոնէական եկեղեցիներու 4-րդ տիեզերական ժողովին, Սուրբ Ծնունդը Դեկտեմբեր 25-ին տօնելու Հռոմէական կայսերական պահանջը երկփեղկում յառաջացուց:
Թերեւս փակագիծ բացող մանրամասնութիւն է, այսուհանդերձ անտեսել կարելի չէ այն պատմական փաստը, որ ատենին՝ Դեկտեմբեր 25-ին, հռոմէացիք կը տօնէին իրենց Արեւի աստուծոյ տօնը եւ կայսերական Հռոմը, Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը իր հպատակներուն ընդունելի դարձնելու համար, քաղաքական առանձնայատուկ պատճառներ ունէր պնդելու Սուրբ Ծնունդը Դեկտեմբեր 25-ին տօնելու իր պահանջին վրայ:
Ամէն պարագայի, Քաղքեդոնի ժողովին, Արեւելեան եկեղեցիները կառչած մնացին Աստուածայայտնութեան եւ Քրիստոսի Մկրտութեան տօները միացնելու եւ միեւնոյն օրը՝ Յունուար 6-ին Սուրբ Ծնունդը տօնելու իրենց աւանդութեան:
Այդ թուականէն ասդին, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Սուրբ Ծնունդը Յունուար վեցին տօնելու իր աւանդութեան, մանաւանդ որ, ըստ մեր պատմաբաններուն, Տրդատ թագաւորը եւ պաշտօնապէս առաջինը քրիստոնէութիւն ընդունած այլ անձեր Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, Բագաւանի մէջ, Քրիստոնեայ մկրտուեցան ճիշդ Աստուածայայտնութեան օրը: