Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2019-ին պետական բացումը կատարուեցաւ Հալէպի Թիլէլ շրջանի մէջ գտնուող Մայր Օգնութեանց Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ։ Եկեղեցոյ մուտքը զարդարուած էր սուրիական եւ կաթողիկէ համայնքի դրօշներով եւ շնորհաւորական ծաղկեկողովներով, ինչպէս նաեւ պետական մարմիններու առաքած շնորհաւորագրերով։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սկաուտական փողերախումբի կատարմամբ հնչեց Սուրիական հայրենիքի քայլերգը, ապա վերանորոգման յուշաքարին բացումը կատարուեցաւ։
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Պաաս կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, Հանրապետութեան Մուֆթի տոքթ. Պատրըտտին Ահմատ Հասուն, Ֆրանչիսքօ պապին ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Դեսպան Սրբազան քահանայապետ Կարտինալ Մարիօ Զենեալի, հայ համայնքապետներ, մահմետական կրօնապետներ, Հալէպի նահանգապետը, ՀՀ Հալէպի գլլաւոր հիւպատոսը, զինուորականեր, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։

Բացման խօսքով Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան լուսարձակի տակ առաւ եկեղեցւոյ հնամեայ պատմութիւնը, պատերազմի ընթացքին կրած վնասները եւ վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքը։ Ապա համայնքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատին՝ իր ներդրումին համար եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն ու անհատ բարերարներուն, որոնց նուիրական ներդրումով այս եկեղեցին վերաբացուեցաւ։ Արհի. Տէր Պետրոս շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հալէպի պետական պատասխանատու մարմիներուն, որոնք դիւրացուցին շինարարական աշխատանքները։

Հոգեւոր շարք մը երգերով հանդէս եկաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի աշակերտական երգչախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ Շատի Նաճճարի։
Թարգմանաբար արաբերէնի ընթերցուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը եւ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. երախտիքի խօսքը։ Եկեղեցւոյ դպրաց դասուն կողմէ հայերէնով հնչեց Աստուածամօր նուիրուած շարականներ։
Օրը խորհրդաւոր էր ու հոգեպարար։ Եկեղեցւոյ սրբատաշ գունեղ քարերը խաղաղութիւն ու նոր կեանք կը խորհրդանշէին։
Արաբական պատկերասփիւռի թղթակիցները հմայուած կը դիտէին եկեղեցւոյ կամարները, սպասները, որոնք առաստաղէն թափանցող արեւի ճառագայթներուն փայլքով ազդեցիկ տեսք մը ստացած էին, քարերը կը խօսէին վերանորոգուող կեանքի մասին։
Հալէպի գլխաւոր Մուֆթի տոքթ. Մահմուտ Աքքամ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հաւատքի կարեւորութեան վրայ, վստահեցնելով որ հաւատքի ուժով վերաշինուած են բոլոր սրբավայրերը, ըլլան անոնք եկեղեցիներ կամ մզկիթներ եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ ժողովուրդին Սուրիոյ մէջ թէ դուրս, որ վերադառնան իրենց հայրենիքը եւ աղօթեն իրենց մայր հողին վրայ կառուցուած սրբավայրերուն մէջ, որովհետեւ ժողովուրդն է, որ կը ծառայէ եկեղեցիին եւ մզկիթին, առանց ժողովուրդին անոնք պարզապէս քարաշէն կառոյց մը կը դառնան։ Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց ժողովուրդին վերադարձը դէպի իր եկեղեցին եւ ըսաւ ,որ մենք սրտով ձեզի հետ ենք, կը յուսանք, որ Սուրիոյ բոլոր համայնքներուն զաւակները վերադառնան իրեց տուները։
Հուսկ, երախտագիտութեան իր խօսքը արտասանեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Մուֆթի տոքթ. Պատրըտին Ահմատ Հասուն, որ վեր առաւ զոյգ կրօնքներունեուն մէջ տեղ գտած միմիանց հանդէպ սէրն ու յարգանքը ու ըսաւ. « Այս պատմական եկեղեցւոյ բացումը նամակ է յղուած ամբողջ աշխարհին, որ մենք կը վերաշինենք այն ինչ որ կը քանդեն, ըլլայ ան եկեղեցի կամ մզկիթ։ Ահաբեկիչները քանդեցին, աւերեցին մեր սրբավայրերը, սակայն չկրցան քանդել Սուրիան։ Մենք կ՚ապրինք եղբայրաբար, մէկ հողի վրայ։ Յաճախ կ՚աղօթեմ եկեղեցիներու մէջ, որովհետեւ տարբերութիւն չեմ դներ եկեղեցւոյ եւ մզկիթի միջեւ։ Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք մէկ Աստուծոյ,ինքն է, որ սէր ու խաղաղութիւն կը պարգեւէ մեզի՝ եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջին եւ մզկիթի կանչին կ՚անսանք առանց տարբերութիւն դնելու անոնց միջեւ»։
Աւարտին ան փոխանցեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահին ողջոյնը եւ իր խօսքը աւարտեց ներկաները հրաւիրելով մէկ վարկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ բոլոր նահատակներուն յիշատակը։
Աւարտին Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան  եկեղեցւոյ քանդուած առաստաղէն առնուած փայտերով պատրաստուած յուշանուէր մը փոխանցեց Սուրիոյ նախագահին: Յուշանուէրին Սուրիան խորհրդանշող Արծիւին գծագրուած պատկերն էր: Ապա նոյնանման յուշանուէրներով պարգեւատրեց Հալէպի նահանգապետը, Սուրիոյ Հանրապետութեան մուֆթին, Հալէպի մուֆթին, Հալէպի պետական պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչմերն ու Պաաս կուսակցութեան ներկայացուցիչները, որպէս շնորհակալութեան արտայայտութիւն իրենց անվերապահ աջակցութեան համար։
Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին համայնքի հրաւէրին։
Հանդիսութեան յաջորդեց ճաշի հրաւէրը, որ տեղի ունեցաւ «Սարդարապատ» սրահին մէջ։

Ժիրայր Կարապետեան