Տարիներու ընդհատումէն ետք, հալէպահայութիւնը հոգեպարար արարողութեամբ պատմական օր մը ապրեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս:
Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, ձեռամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, խարտաւիլակութեամբ՝ Հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեանի, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ Հալէպի երեք եկեղեցիներէն 13 սարկաւագներու ձեռնադրութիւն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի ներկայացուցիչներուն, Թեմի եկեղեցիներու Թաղական խորհուրդներուն, սարկաւագներու հարազատներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին սարկաւագութեան պաշտօն ստացան հետեւեալ 13 դպիրները,-
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցիէն՝ Կարապետ Սարգիսեան, Վաչէ Գայթանճեան, Գէորգ Չիլ Աբօշեան, Արմէն Քահքէճեան եւ Գէորգ Սէմէրճեան:
Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն՝ Ռաֆֆի Չաքրեան, Սարգիս Կիւլտալեան, Յովսէփ Արսլանեան եւ Գէորգ Պերղուտեան:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն՝ Լեւոն Տէր Ներսէսեան, Յարութ Ադամեան, Գրիգոր Տէր Վարդանեան եւ Կարօ Տէր Վարդանեան:
Առաջին հերթին ինը դպիրներ ստացան կիսասարկաւագութեան կոչումը: Անոնք ծնկաչոք խորան բարձրացան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները ստանալով խորհրդանշական կերպով իրենց յանձնուեցաւ քահանայի զգեստ, Պատարագի խորհրդատետր, սկիհ եւ մաղզմայ բռնելու իրաւունք, ապա ուրար ստանալով զայն կրեցին իրենց բազուկներուն վրայ:
Այնուհետեւ չորս կիսասարկաւագներ միանալով նոր ձեռնադրուողներուն՝ սարկաւագութեան պաշտօն ստացան: Անոնց յանձնուեցաւ Աւետարան եւ բուրվառ, հետեւաբար ունեցան Աւետարան ընթերցելու, վերաբերում կատարելու եւ խնկարկելու իրաւունք: Սարկաւագութեան պաշտօնը ստանձնելով ձեռնադրուողները իրենց ուրարները փոխադրեցին իրենց ուսերուն:
Իւրաքաչիւր սարկաւագ, խորհրդաւոր այս պահուն, բուրվառը ձեռքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները ստացաւ եւ ժողովուրդին դառնալով խնկարկեց:
Քարոզխօսութեան ընդմէջէն Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կարեւորութեամբ նշեց, թէ սարկաւագութեան պաշտօնը ծառայութեան հրաւէր մըն է: «Սարկաւագութիւնը հնագոյն տիտղոսներէն մէկն է, տրուած հաւատացեալներու այն խումբին, որոնք կը սպասարկէին՝ Աստուծոյ խօսքը քարոզելով եւ ժողովուրդին ծառայելով»:
Գործք Առաքելոց գիրքէն մէջբերումներ կատարելով Սրբազան Հայրը նշեց սարկաւագութեան կոչումին հետեւեալ անհրաժեշտ պայմանները,-
1-Քրիստոնէական հաւատքը պահպանել:
2- Մաքուր խղճմտանք ունենալ:
3- Բարի վկայութիւն բերել:
4- Սուրբ Հոգիով լեցուիլ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով ձեռնադրուած սարկաւագներուն շեշտեց, որ սովորական պաշտօնի կամ կոչումի մը չէ որ արժանացան անոնք, այլ մեր ժողովուրդին ծառայելու եւ եկեղեցին ծացկեցնելու յատուկ կոչում: Այնուհետեւ ան խօսքը ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին յայտնեց, որ աղօթքով եւ եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցելով անոնք ծառայողական կարեւոր բաժին կը բերեն մեր եկեղեցիէն ներս:
Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, Քահանահայրերը, նոր ձեռնադրուած սարկաւագները, դպիրներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը թափօրով միասին ուղղուեցան դէպի Ազգ. Առաջնորդարան, «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:
Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հիւրընկալեց 13 ձեռնադրուած սարկաւագներն ու հաւատացեալները: Սարկաւագները փունջ մը շարականներ երգեցին արտայայտելով իրենց ուրախութիւնը եւ պատասխանատուութեան ստանձնումը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորական խօսք փոխանցելով բարեյաջող ծառայութիւն մաղթեց անոնց, ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառացման:
Ապա, սարկաւագներուն կողմէ շնորհակալական խօսք արտասանեց Բրշ. Յովսէփ Սրկ. Արսլանեան, յայտնելով, որ տարիներու սպասումէն ետք իրականացած սարկաւագութեան կոչումի տուչութիւնը իսկապէս մեծ ուրախութիւն է Բերիոյ Հայոց Թեմին համար: Ան բոլորին անունով որդիական շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր:
Ներկաները միասնաբար երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը, ապա տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով հաւատացեալները մեկնեցան գոհունակ սրտով, փառք տալով Ամենակալին:
Մարինա Պօղիկեան