«Հայութեան հետ, հայութեան միջոցով եւ հայ ժողովուրդի պայծառ ապագային ի խնդիր». այս նշանաբանով Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2019 -ի երեկոյեան ժամը 5։00-ին «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս շքեղ տօնակատարութեամբ Ս.Պ.Մ-ի Գամիշլիի Զաւարեան Մասնաճիւղի պատանիները նշեցին ՀՅԴ 129 -ամեակը, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի վարիչ եւ դաստիարակ կազմերուն, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի, պատկան մարմնի եւ թաղականութեան ներկայացուցիչներուն։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերուհի Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան, որ բարի գալուստի մաղթանքէն ետք հակիրճ զեկոյցով մը լուսարձակի տակ առաւ Դաշնակցութեան երկարամեայ պայքարը յանուն հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախութեան։ Ապա գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան պատանիները՝ ներկայացնելով հայկական պար, խմբային արտասանութիւն, մեներգ եւ խմբային ազգային, յեղափոխական երգեր։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 129-ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատում եւ նուէրներու բաշխում։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ նախ անդրադաձաւ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան, պատմական ձեռքբերումներուն ու ըսաւ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դարձաւ հայ ազատագրական շարժման աննկուն ռահվիրան, Հայ Դատի աննահանջ ուխտակիրը եւ խօսքը պատանիներուն ուղղելով շեշտեց. «Դուք հպարտ եղէք, որովհետեւ հզօր կուսակցութեան մը պատանիներն էք եւ պիտի շարունակէք ձեր նախնեաց նուիրեալ պայքարը յանուն հայ ժողովուրդի նպատակի իրականացման, ազատ ու անկախ ամբողջական Հայաստանի կերտման»։
Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ ուրախ եւ խանդավառ պարերով եւ երգերով։
Մշակ բանուոր քայլերգի միասնական կատարումով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։