Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, հալէպահութիւնը «Գ.Եսայեան» սրահէն ներս շքեղ տօնախմբութեամբ յիշատակեց ժողովրդանուէր ծառայութեամբ, հաստատուն կաղնիի նման ժամանակներու դժուարութիւններուն կուրծք տուած ու իր շարքերուն ողջ ներուժը ազգին ու հայրենիքին ի սպաս դրած ՀՅԴ-ի 129-ամեակը:

Սրահին մուտքին ներկաները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային երաժշտութեամբ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, նուագակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

ՀՅԴ-ի տօնը շնորհաւորելու եկած էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, համայնքներու ներկայացուցիչներ, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, ՀՀ մարդասիրական օժանդակութեան խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան, ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Մարմնի, հալէպահայ մշակութային, բարեսիրական, հայրենակցական, մարզական եւ կրթական միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հոծ բազմութիւն մը:
Ձեռնարկին հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Փաթիլ Վարդապետեան, յայտնելով որ Դաշնակցութիւնը սեփական հողին վրայ ազատ եւ ինքնիշխան ապրելու իրաւունքին ծնունդն էր, որ իր դաւանած գաղափարախօսութեամբ եւ գործելաոճով եղաւ այն եզակի կազմակերպութիւնը, որ համախմբեց հայ ժողովուրդի հատուածները եւ բոլորին ճիգերը մէկտեղելով ուղղեց դէպի մէկ եւ սրբազան նպատակ:
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց փաստաբան Պայքար Թովմասեան: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը երկար տարիներու մաքառումներէ ետք, փառաշուք անցեալին ներշնչումով, նահատակներով, վրիժառու բազուկներով կերտեց իր հայրենիքն ու ձեռք բերաւ իր իրաւունքներուն մէկ մասը: Ազատ ապրելու տենչը մնաց իր շարժիչ ուժը, որ զինք մղեց աննահանջ պայքարի: Թովմասեան յայտնեց, որ ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդը կրցաւ իր ուժերը համախմբելով վերապրիլ՝ միշտ ձգտելով իր վախճանական նպատակներու իրականացման:

Օրուան բեմավարներ Սարին Խալոյեան եւ Ներսէս Պարսումեան տեսերիզի ցուցադրութեամբ նախ ներկայացուցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անշեղ ուղին, անոր արձանագրած նուաճումներն ու ձեռքբերումները: Երկրորդ բաժինով անոնք յատկապէս լուսարձակի տակ առին Սուրիոյ պատերազմական տարիներուն կազմակերպութեան ժողովրդանուէր ծառայութեան հոլովոյթը, ի մասնաւորի երիտասարդութեան ունեցած մեծ ներդրումը հայկական թաղերու պաշտպանութեան եւ ժողովուրդին կենսական կարիքներուն ապահովման մէջ:

Ազգային, յեղափոխական երգերը դարեր շարունակ ժողովուրդին հիւսած պատմութեան անկեղծ արտայայտութիւնը հանդիսացած են, աւիւն ու եռանդ ներշնչելով նորահաս սերունդներուն: Այս իրականութենէն մեկնելով, Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը քառաձայն, հնչեղ կատարումով մեկնաբանեց «Հպարտ, Անպարտ Դաշնակցութիւն», «Խնուսից Գալով», հայրենակցական երգերու շարք, «Հիմի Էլ Լռենք», «Մենք Պէտք է Կռուենք», «Քաջորդւոյն Երգը», «Սասնայ Ահեղ Կռուի» եւ «Քեզ Դաշնակցութիւն» երգերը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Հաւաքական աշխատանքի ջատագով կազմակերպութեան շրջանի խօսքը արտասանեց Յակոբ Քիլէճեան:

Քիլէճեան ներկաները ողջունելէ ետք ըսաւ. «ՀՅԴ-ն ռահվիրան հանդիսացաւ հայ ազատագրական պայքարի տարբեր փուլերուն: Ան կրցաւ դարերու ստրկութենէ ետք համախմբել հայ ազգին ուժերը, ազատագրել պատմական Հայաստանի հողերէն մաս մը եւ հիմնել անկախ պետականութիւն, իսկ աւելի ուշ կրցաւ աշխարհացրիւ հայութիւնը կազմակերպել գաղթօճախներուն մէջ, պահել հայուն ոգին ու սերմանել հայրենիքին սէրը: Սուրիան եղաւ այն գաղութներէն մէկը, որ գործեց 100 տարի եւ աւելի, ծաղկեցուց գաղութը՝ կազմակերպուած աշխատանք տանելով ընկերային, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Սակայն վերջին տարիներուն, Սուրիոյ իրավիճակին բերումով տեղի ունեցած արտագաղթին հետեւանքով գաղութը թիւի եւ որակի նօսրացում ապրեցաւ:Այդուհանդերձ, տարիներու կազմակերպուածութեան փորձառութենէն մեկնելով, միասնական ոգիով կրցաւ յաղթահարել ծառացող բոլոր դժուարութիւնները»:
Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին լուծման առնչութեամբ կազմակերպութեան մօտեցումին, Քիլէճեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ը ջատագովն է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդին միասնութեան եւ հաւասարակշռուած դիրքերէ հանդէս եկող, հայրենասէր բոլոր ուժերու հետ գործակցութեան:
Դատապարտելով Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան շրջան ներխուժումը, ան շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծումը իր բնականոն հունին մէջ կը մտնէ օտար, ապօրինի բոլոր ուժերուն դուրս մղումով եւ երկիրը սուրիական բանակին վերահսկողութեան տակ պահելով: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց երկրիս վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին, որ իր յանդուգն կեցուածքներով ու հայրենասիրութեամբ պայքարեցաւ ահաբեկչութեան դէմ ու տիրութիւն ըրաւ երկրին եւ ժողովուրդին:

Հանդիսութեան բանախօս, «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան օրուան խորհուրդը ներկայացուց, դիտել տալով որ.« 129 տարուան եռուն կեանք ունեցած, պայքարի տարողունակ խրամատներէ անցած, իր նուիրեալներու արեամբ հայրենիք կերտած, խաղաղասէր, ստեղծագործ ու աշխատունակ իր ժողովուրդին իրաւունքներուն համար աշխարհով մէկ պայքարի դրօշ պարզած կուսակցութեան մը յոբելեանի յիշատակումը յարգանքի տուրք մատուցելէն շատ աւելին կը պատգամէ մեր բոլորին»: Ապա անդրադարձաւ Դաշնակցութեան ուժի աղբիւրներուն ու ըսաւ. «Դաշնակցութեան ուժի հիմնական աղբիւրը իր շարքերուն հաւատքն էր հայ ժողովուրդի տեսիլքին իրականացման հանդէպ, ազգային մեր արժէքներուն հանդէպ։ Ուժի երկրորդ աղբիւրը իր գաղափարաբանութիւնն էր՝ ազատութեան, անկախութեան, ժողովրդավարութեան, ընկերվարութեան եւ յեղափոխութեան հիմնասիւներով»:
Պօղիկեան անդրադարձաւ ՀՅԴ պատմութեան փուլերուն, Սփիւռքի կազմակերպման ու գոյատեւման մէջ ունեցած անոր էական դերակատարութեան ու Հայաստանի անկախացումով, Արցախի ազատագրութեամբ Սփիւռքի ներուժը հայրենիք ուղղելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի գրասենեակներուն ճամբով եւ աւելի քան 30 երկիրներու մէջ գործող իր կառոյցներով Հայաստանի ու Արցախի շահերուն պաշտպանը հանդիսանալու նպատակին:

Ապա բարձրօրէն գնահատեց Սուրիոյ տագնապի տարիներուն Հայաստանի քաղաքական ճիշդ դիրքորոշումները տագնապի իւրաքանչիւր փուլին, ինչպէս նաեւ ՀՀ դիւանագիտական գրասենեակներու բաց մնալն ու ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ:

Պօղիկեան ներկայացնելով ՀՅԴ դիրքորոշումը Հայաստանի անցնցում զարգացման եւ Արցախի հարցին լուծման գծով ըսաւ. «Հայաստանի ԳՄ-ը յառաջացուց ոլորտային մասնագիտական յանձնախումբեր, որոնց միջոցով պարբերաբար հրապարակուեցաւ ու կը հրապարակուի կուսակցութեան կեցուածքը երկրի զարգացման եւ մարտահրաւէրներուն նկատմամբ:
Արցախի հարցին գծով ՀՅԴ-ն շեշտեց, որ հարցին կարգաւորումը հիմնուած պէտք է ըլլայ Արցախի ժողովուրդին՝ քանի մը անգամ արդէն արտայայտած փափաքին վրայ՝ ապրիլ Ատրպէյճանէն անկախ եւ ի վերջոյ միանալ Հայաստանի Հանրապետութեան։
ՀՀ-ը ունի կարեւոր դերակատարութիւն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ անոր ձայնը աշխարհին հասցնելու իմաստով։ Հարցի կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Արցախը պէտք է ունենայ լիիրաւ մասնակցութիւն. ՀՀ-ը բանակցութիւններուն մէջ չի կրնար փոխարինել Արցախի Հանրապետութիւնը. այս բոլորը անհրաժեշտ է ամրագրել երկու պետութիւններուն միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան պայմանագրով»։

Ապա անդրադառնալով Հայաստանի ներքաղաքական ներկայ իրավիճակին ըսաւ.
«ՀՀ ներկայ իշխանութեան վարքագիծը ընդհանուր առմամբ չ՚ընթանար այն սկզբունքներուն ուղղութեամբ, զորս ժողովուրդին մեծ մասը արտայայտած էր 2018-ի ժողովրդային շարժման ընթացքին։ Թէեւ դրական որոշ քայլեր առնուած են իշխանութիւններուն կողմէ՝ փտածութեան եւ մենաշնորհներու դէմ, շատ մը պարագաներու սակայն, անոնք կատարուած են ընտրովի. ուստի պէտք չէ ժողովուրդը անգամ մը եւս հիասթափութեան մատնել: Դատապարտելի են մեր ժողովուրդին համերաշխութիւնը վտանգող բոլոր անպատասխանատու դրսեւորումները, հարցերը լուծելու մենիշխանական մօտեցումները։ Ցանկալի է միասնական ճիգերով ամրապնդել մեր երկրի ներքին ու արտաքին անվտանգութիւնը, հասարակութեան համերաշխութիւնը, պատմութենէն դասեր քաղելով նայիլ ապագային, որպէսզի հայութեան համընդհանուր ճիգերու մէկտեղումով նոր թափ ստանայ մեր երկրին յառաջընթացը»։

Իր խօսքի աւարտին ան անդրադարձաւ սուրիահայութեան ներկայ մարտահրաւէրներուն, Թուրքիոյ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններ ներխուժման հետեւանքներուն եւ կոչ ուղղեց ըլլալու զգօն եւ համահայկական ճիգերով, Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու ամրապնդումով պահպանելու սուրիահայութեան անվտանգութիւնը, նպաստելով համայնքի վերականգնումին ու անոր պատմական դերակատարութեան պահպանման, որպէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդին կարեւոր մէկ հատուածը, պատմական Հայաստանի ժառանգութիւնը կրող ու ցեղասպանութեան վկան հանդիսացող հայութեան կարեւոր մէկ մասնիկը։

Յետ բանախօսութեան երաժշտական իւրայատուկ կատարումով ելոյթ ունեցան Լիլա Սահակեան (ջութակ) եւ Ռուզան Պարսումեան (դաշնամուր), հանդիսատեսներուն հրամցնելով հայրենասիրական հետեւեալ երգերուն երաժշտութիւնը՝ «Պիտ Պաշտպանեմ», «Պիտի Գնանք, Վաղ թէ Ուշ», «Զարթիր Լաօ», «Հսկայ Երկիր էր» եւ «Արիւնոտ Դրօշ»:

Ձեռնարկի աւարտին Դաշնակցութեան տօնը շնորհաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մասիս Եպս.Զօպուեան: Սրբազան Հայրը ողջունելով ներկաները ըսաւ.«Սովորական կազմակերպութեան մը սովորական հանդիսութեան ներկայ չենք գտնուիր, այլ կազմակերպութեան մը, որ 129 տարիներու հսկայ փորձառութեամբ, աշխատանքով, ներդրումով, նուիրումով եւ զոհողութեամբ օժտուած է: 129 տարիները սովորական չեղան հայոց պատմութեան մէջ: Այս կազմակերպութիւնը ժողովուրդին ծոցէն ծնաւ, բացուեցաւ ժողովուրդին եւ ինքզինք նուիրաբերեց հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան: Այս բոլորը կ’ենթադրէի զոհողութիւն եւ նուիրում: Դաշնակցութիւնը անհայրենիք մնացած ժողովուդին թեւ-թիկունք կանգնեցաւ, եկաւ ըսելու արար աշխարհին, որ հայը տկար չէ: Այս բոլորը մէկտեղուելով դարձան զէնք, արիւն, նահատակութիւն: Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ չկայ ընկրկում, կայ ծառայութեան ու պայքարի մշտանորոգ կամք»:

Սրբազան հայրը սուրիահայութեան մարտնչող ոգիին անդրադառնալով նկատել տուաւ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը հպարտ պէտք է ըլլայ յանուն մեր արժէքներուն իր մղած պայքարով եւ ձեռքբերումներով, որպէսզի նոր հորիզոններ բացուին մեր դիմաց ու թափ տանք վերանորոգման աշխատանքներու:

Հանդիսութիւնը իր աւատին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով, ապա ՀՅԴ քայլերգով:

Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան