«Արմէնփրէս».-ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 10 Դեկտեմբերին ընդունած է ՀՀ Ֆինլանտիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արիա Մաքոնենը (նստավայրը` ք. Հելսինկի) եւ նորանշանակ ռազմական կցորդ, Մայոր Եան Պուքիլան (նստավայրը` ք. Մոսկուա):
Պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է Մայոր Պուքիլայի առաքելութիւնը ստանձնելը եւ յաջողութիւն մաղթած է պաշտօնավարութեան ընթացքին:
Զրուցակիցները քննարկած են պաշտպանութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի եւ Ֆինլանդիոյ երկկողմ եւ բազմակողմ գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր: Նշուած է միջազգային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործողութիւններուն երկու երկիրների գործուն ներդրումի կարեւորութիւնը, յատկապէս` Աֆղանիստանի, Քոսովոյի եւ Լիբանանի մէջ, ուր միատեղ առաքելութիւն կ’իրականացնեն հայ եւ ֆին զինծառայողները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: