«Արմէնփրէս».-Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան առիթով Լաթվիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կազմակերպած էր դասախօսութիւն թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամի մասնակցութեամբ:
Նախաձեռնութեան ներկայ եղած են հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Դասախօսութիւններու ընթացքին Աքչամ ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով թրքական ժխտողականութեան դրսեւորումները, հիմնական թէզերը` խօսած իր «Սպանութեան հրամաններ» գիրքին մէջ ցեղասպանութիւն իրագործած պարագլուխներու եւ անոնց կողմէ ուղարկուած գաղտնի հեռագիրերու վերծանման մասին:
Թուրք պատմաբան, ԱՄՆ Մասաչուսէթսի Քլարքի համալսարանի պատմութեան դասախօս Աքչամ յայտնած է, որ թրքական ժխտողականութեան զինանոցէն ներս գտնուող պնդումները կեղծիք են: Թալէաթ փաշայի հեռագիրները, որոնք հրապարակուած են Արամ Անտոնեանի միջոցով, այլեւս չեն դիմանար քննադատութիւններուն, որովհետեւ անհերքելի ապացոյցներ ներկայացուած են անոնց փաստացիութեան առնչութեամբ:
Շուոն Նաշ-մարշալ իր կարգին դիտել տուաւ, որ ժխտողականութիւնը Թուրքիոյ մէջ դրուած է օրէնդրական հիմքի վրայ, որ անհնար կը դարձնէ հաշտեցման եւ սեփական պատմութեան հետ առերեսման որեւէ փորձ: