Երէկ,11 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային ներկայացուցչական ժողովը Պոլսոյ հայոց 85-րդ պատրիարք ընտրեց Սահակ Եպս. Մաշալեանը:
8 Դեկտեմբեր 2019-ին տեղի ունեցած պատուիրակներու ընտրութենէն ետք, յստակացաւ Սահակ Եպս. Մաշալեանի յաղթանակի հաւանականութիւնը:
Սահակ Եպս. Մաշալեանի օգտին քուէարկած էին 102, իսկ Արամ Արք. Աթէշեանի օգտին` 16 պատգամաւորներ, իսկ մէկ քուէ անվաւեր նկատուած էր:
Նորընտիր պատրիարք Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան Ս. Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ դիմելով համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւորականներուն յայտնեց, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը նոր կազմով, նոր ծրագիրներով ու նախաձեռնութիւններով նոր համայնք պիտի կերտէ: «Նորութեան կարիք կայ` հոգեպէս ու միտքով: Մեր հաստատութիւնները նորոգուելու կարիք ունին, իմ ընտրութիւնը առաջին քայլը պիտի ըլլայ: Առաջնորդութեան օրինակ ունինք մեր առջեւ` Յիսուս Քրիստոսը, որ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, ցոյց տուաւ ինչպէս ըլլալ բարի հովիւ: Այսօր պատրիարք չընտրեցիք, Աստուծոյ եւ ազգի առաջին ծառան ընտրեցիք», ըսած է Սահակ Եպս. Մաշալեան: